Մուսթաքպալ Հոսանքը Յայտարարեց Քաղաքական Իր Փաստաթուղթը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ պատկերասփռուած ճառով մը յայտնուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, ուր հաւաքուած էին Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներն ու դաշնակիցները:
Հարիրի յայտնեց, որ «Արաբական գարուն»-ը լիբանանցիներուն դիմաց ոսկեայ առիթ կը բանայ իրենց ժողովրդավարական փորձառութեամբ պարծենալու եւ վերջ տալու արտաքին ուժերու վրայ իրենց գրաւներուն ու համայնքայնութեան:
Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց սուրիական վարչակարգը եւ ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցիներէն ոմանք սուրիական վարչակարգին կոյր աչքերով կը դիտեն Սուրիոյ կացութիւնը:
Հարիրի նկատել տուաւ, որ այդ կեցուածքները անպարկեշտ են եւ լիբանանցիներուն համար երբեք պատիւ չի նկատուիր իրենց շարքերուն մէջ ունենալ այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք կը նպաստեն սուրիացի ժողովուրդին անճիտումին:
«Լիբանանի մէջ սուրիական վարչակարգին բարեկամները պէտք է իմանան եւ գիտակցին այն իրականութեան, որ երկաթեայ ուժով կարելի չէ ժամացոյցին սլաքները ետ բերել: Սուրիական վարչակարգը տակաւին կրնայ քանի մը շաբաթ կամ ամիս դիմանալ, սակայն սուրիացի ժողովուրդը առյաւէտ պիտի ապրի», ըսաւ Հարիրի:
Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական փաստաթուղթը յայտարարելու շրջագիծին մէջ, Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը երաշխաւորել:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ապօրինի զէնքի փորձառութիւնը փոթորկած է բոլոր լիբանանցիներուն կեանքը: «Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին օգտագործումը կատարուած է ընդառաջելու համար շրջանային ծրագիրի մը, որ արաբական չէ», ըսաւ Սինիորա:
Ան հաստատեց, որ «Արաբական գարուն»-ը Լիբանանին համար առիթ է դուրս գալու գրաւներէն, ինչպէս նաեւ առիթ մըն է, որ ապօրինի զէնք ունեցող քաղաքական ուժերը ուղղուին դէպի հաշտութիւն, Թաէֆի համաձայնութիւն եւ սահմանադրութիւն:
