Պըրրի Նախագահեց Չորեքշաբթի Օրուան Խորհրդարանական Հանդիպումին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ներկայ երեսփոխաններուն փոխանցեց Կիպրոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ ինք Կիպրոսի մէջ հաստատած է Լիբանանի պատկանող լիբանանեան ջուրերու տնտեսական շրջանի իրաւունքը:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է պաշտպանեն Լիբանանին պատկանող եւ անոր արդար իրաւունքը նկատուող այդ շրջանները` առանց մէկէ մը արտօնութիւն ստանալու:
Պըրրի նշեց, որ ինք այս առումով համաձայնած է հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ ուժանիւթի նախարարին հետ ու այդ համաձայնութեան հիման վրայ է, որ քննարկումներ կատարած է Կիպրոսի նախագահին հետ:
Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ 15 մարտին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը այցելէ Լիբանան` շարունակելու համար քննարկումները:
Նշենք, որ Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` անոր նախագահ ընտրուելուն առիթով, եւ ռուս ժողովուրդին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ տակաւին մաս կը կազմէ իշխանամէտ ուժերուն, սակայն ան կը փորձէ պահպանել իր իւրայատկութիւնը` պահպանելով նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը: