Նախագահ Սլէյման – Վարչապետ Միքաթի Հանդիպում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան եւ խորհրդարանի գործունէութեան:
Երեք քառորդ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Նշենք, որ Կիներու միջազգային օրուան առիթով նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ կիներուն դերակատարութեան յաւելեալ առիթ տրուի, որպէսզի ան մարդասիրական իր պատգամին շրջագիծին մէջ կարենայ ներդրում ունենալ նաեւ քաղաքական եւ վարչական մարզերուն մէջ:
Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց նաեւ, որ աշխարհին մէջ խաղաղութիւնը կարելի ըլլայ ամրապնդել պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն եւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատեր:
Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման վերսկսի լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումներուն` քննարկելու համար Լիբանանը յուզող լուրջ հարցերը:


