Կառավարութիւնը Որոշեց Մէկ Կապ Հացին Գինը Անփոփոխ Պահել
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ֆատի Ապպուտ:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 79 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մէջ հիմնական տեղ գրաւեցին ելեւմտական թղթածրարները:
Երկրին քաղաքական հիմնական թղթածրարները բացակայեցան կառավարութեան նիստէն, բացի Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն հարցէն եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու անհրաժեշտութենէն:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը ընդգծած է մտքի ու խօսքի ազատութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղած քաղաքական ուժերուն պատասխանատու գտնուելու ու հեռու մնալու բնազդներ գրգռող եւ Լիբանանի ու անոր դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական տպաւորութիւն ձգող ճառերէն:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը ընդգծած է նաեւ Լիբանանի ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը եւ շեշտած ապահովական բոլոր հաստատութիւններուն դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս երկրին սահմանները պահպանելու առումով:
Տաուք յայտնեց, որ այդ նպատակով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը նիստի հրաւիրած է, որպէսզի անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրուին` Լիբանանի սահմանները պահպանելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու առումով:
Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ընդունիլ 90 հազար եւրօ, որ տրամադրուած է իտալական դեսպանատան կողմէ, որոշած է լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ զինուորագրել 200 ուսանող սպաներ, ինչպէս նաեւ համաձայնած է առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի առաջարկին` մէկ կապ արաբական հացին գինը անփոփոխ պահելու առումով:
Նշենք, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի վաղը` ուրբաթ, 9 մարտին, նախագահական պալատին մէջ:
Կը նախատեսուի, որ նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ կատարել պետական կարգ մը նշանակումներ: