Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Համակարգողը Եւրոպացիներուն Կը Ներկայացնէ Ջաւախ Քահայութեան Պահանջները

Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «Ա-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան կը գտնուի Պրիւքսէլ, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն եւ Եւրոպական Միութեան այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Արտակ Գաբրիէլեան եւրոպական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն  յանձնեց Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդին կողմէ ստորագրուած յուշագիրը, ուր ներկայացուած են երկրամասի հայութեան դէմ դրուած խնդիրները, զանոնք լուծելու միջոցները եւ կը ներկայացուին Ջաւախքի հայութեան պահանջները:

Պահանջները հետեւեալներն են.

1. Վերջ տալ երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու ճիգերուն:

2. Տեղական եւ պետական կառավարման կառոյցներուն մէջ բարելաւել հայերուն ներկայացուածութիւնը:

3. Իրականացնել ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ երկրամասին մէջ` այդ առումով երկրամասին վիճակը երկրին միւս շրջաններուն հաւասարեցնելու համար:

4. Ազգաբնակչութեան հայ մեծամասնութիւն ունեցող վարչական շրջաններու կառավարման մարմիններուն մէջ հայոց լեզուի օգտագործման իրաւունք տալ:

5. Վրաստանի կազմին մէջ ինքնավար տարածքային միաւորի կարգավիճակ տալ Սամցխէ-Ջաւախքին եւ յարակից Ծալկա շրջանին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES