Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով ՀՅԴ-ն Եւ ՀՕՄ-ը Կը Մեծարեն Հայաստանցի Կին Գործիչները

Վահան Յովհաննիսեան

Կիներու միջազգային օրուան նախօրեակին ՀՅԴ-ն եւ ՀՕՄ-ը երէկ կազմակերպած էին հանդիպում-մրցանակաբաշխութիւն` «Անոնք ներկայ են» խորագիրով: 7 կիներ պարգեւատրուեցան յուշանուէրներով` «Փրկութիւն» հաշմանդամ երեխաներու եւ երիտասարդներու կեդրոնի ղեկավար Արփինէ Աբրահամեան, գրող Վիոլեթ Գրիգորեան, բնապահպան Կարինէ Դանիէլեան, լրագրող Աննա Իսրայէլեան, թատերագիր Կարինէ Խոտիկեան, «Արթպրիճ» գրախանութ-սրճարանի տնօրէն Շաքէ Կարապետեան եւ երգչուհի Աննա Մայիլեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան նախ բոլոր կիները շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան անունով` նշելով, որ այն ազգերը, որոնց մէջ կիները ազատ են, ազատ են եւ կրնան յառաջընթաց արձանագրել:

«Բազմաթիւ բացատրութիւններ կան, թէ ինչո՛ւ հայ կինը իր արժանի դերը չի զբաղեցներ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ. կայ նաեւ այլ հիմնաւորում մը, որ այսօր հասկցայ: Անգլիացի գրող Ռետիարդ Քիփլինկ կ՛ըսէ, որ կիներու ներգիտակցութիւնը շատ աւելի դիպուկ է, քան տղամարդոց տրամաբանութիւնը, ուրեմն` կիները մեզմէ աւելի շուտ հասկցած են, որ Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութիւն չէ, որ պէտք է ձգտիս մէջը մտնել, եւ անոր համար ալ Հայաստանի մէջ կիները ո՛չ պատգամաւոր դառնալու թեկնածութիւն կը դնեն, ո՛չ ալ կը ձգտին դէպի կառավարութիւն», կատակով նշեց ան` աւելցնելով, որ փաստօրէն կիները զգացած են այն, ինչ որ իրենք տրամաբանութեամբ շատ ուշ հասկցան եւ համաձայնական կառավարութենէն դուրս եկան:

«Փրկութիւն» հաշմանդամ երեխաներու եւ երիտասարդներու կեդրոնի ղեկավար Արփինէ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ գնահատած են իր աշխատանքը. «Կը ցանկամ, որ բոլոր կիները ըլլան զօրաւոր ու հզօր տղամարդոց կողքին եւ կանացի գաղտնիութիւնը պահպանեն: Առողջ եղէք, կիներ, քանի որ կնոջ առողջութիւնը ընտանիքի առողջութիւնն է»:

Գրող Վիոլեթ Գրիգորեանն ալ նշեց, որ զարմացած է մրցանակէն, քանի որ զինք միշտ կը նախատեն: Ան կը հաւատայ, որ հայ կինը հիմնականին մէջ չի գնահատուիր, քանի որ գնահատման տեսակը հայրիշխանական հասարակութեան մէջ լաւագոյն պարագային կնամեծարութիւնն է:

«Ես չեմ կարծեր, որ կիներուն ատիկա պէտք է, քանի որ այդպիսով կը մեկուսացնեն զանոնք: Պէտք է կիներուն հետ հաւասարի պէս վերաբերիլ, քանի որ բազմաթիւ պարագաներու կիները աւելի արժանիքներ ունին, քան տղամարդիկ. կիները թէ՛ քանակով շատ են, թէ՛ որակով», «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Վ. Գրիգորեան:

ՀՅԴ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ երջանկութեան իր բանաձեւը ինքն իր հետ ներդաշնակ ըլլալն է: «Տօները համախմբիչ-արժեւորիչ նշանակութիւն ունին: Ես կարեւոր կը նկատեմ այսպիսի նախաձեռնութիւնները, քանի որ անոնք նոր գործողութիւններու խթան կը հանդիսանան: Յոյսով եմ, որ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը քիչ մը լոյսով եւ ջերմութեամբ հեռանայ այստեղէն», ըսաւ ան:

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի ղեկավար Մարիա Թիթիզեան իր կարգին նշեց, որ հայ կիները մեծ դեր կատարած են մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES