Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Ձօն Ուսուցչուհիիս` Յասմիկ Նաճարեանին

Յասմիկի Մը Նման

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

Յասմիկը յատուկ ծաղիկ մըն է` իր նուրբ տեսքով ու հպարտ կեցուածքով: Կարծես ձեռք մը բարի, ձեռք մը աստուածային անոր գլխուն շարած է սպիտակ մարգարիտներ աննման, ու իր բուրմունքին տուած է հեշտութիւն մը, որ կը լեցնէ ուղեղիդ ծալքերը ու կ՛արթնցնէ մինչեւ վերջին բջիջները անոր:

Այո՛, յասմիկ մըն էր ան, նոյն յատկանիշներով թարմ ու դեռատի, երբ զինք կոչեցին հայոց լեզուի պահպանման ծանր լուծի ստանձնման: Դեռ նոր էր աւարտած Քարէն Եփփէ ճեմարանը: բայց չվարանեցաւ երբեք, որովհետեւ գերազանց էր իր գիտութեան մէջ, հայոց լեզուի մանր ու խրթին ծալքերուն գիտակ: Ան սիրայօժար ընդունեց այդ լուծը սպառիչ, որովհետեւ լրջախոհ էր հայոց լեզուի ապագայով ու կ՛ուզէր իր նպաստը բերել հայապահպանման գոյամարտի ճակատին վրայ:

Փոքր տարիքէն վարժուած էր զոհուելու` ըլլալով իր ծնողքին մէկհատիկը, միշտ տալով ու զոհուելով` գտած էր խորունկ գոհունակութիւն, ինչ որ յատուկ է միայն մեծ հոգիներու. միշտ տալ ու տալ յաւէտ:

Մնաց միշտ համեստ` յասմիկի մը պէս գեղեցկացնելով զինք շրջապատողներուն կեանքը: Իր ուղղամտութիւնը միշտ բուրեց չորսդին ու պայծառացուց իրեն ապաւինող նորահասակներն ու բարեկամները: Երբեք չփնտռեց փառքը, այլ գիտակցուած համեստութիւնը միշտ նախընտրեց: Հինգ տասնամեակներ անդադար դասաւանդեց իր ասպարէզին ամբողջական գիտակցութեամբ: Առողջ գիտակցութիւն մը, որով վարակեց իր աշակերտները: Բիւրաւոր աշակերտներ մղեց սիրելու հայ լեզուն, կապեց զանոնք այդ աւանդին ու ինք միշտ մնաց գոհունակ:

Օր. Յասմիկը իմ միջնակարգի հայերէնի ուսուցչուհիս էր: Լուրջ դիմագիծով ու մեղմ վարուելակերպով իր ներկայութիւնը յարգանք կը պարտադրէր բոլորիս: Այդ տարիներուն իրեն վստահուած էր հայոց լեզուի հիմնաքարը հաստատել: Այդ դասարաններուն մէջ, ուր մեր հայերէնը ամուր հիմերու վրայ դրուելով` պիտի բարձրանար մեր մայրենիին ամուր շէնքն ու կառոյցը:

Ան իր կարողութիւնները սպաս կը դնէր բոլորիս. իր աշխատանքը չէր խնայեր մեզի բան մը աւելի սորվեցնելու համար:

Ես շատ կը սիրէի իր պարտաճանաչութիւնն ու իր անձին հանդէպ ունեցած մեծ յարգանքը, որ յատուկ է իսկական արժէքաւոր մարդուն: Ան չէր արտօներ իր անձին այն, ինչ որ կ՛արգիլէր իր նմաններուն:

Այն տարիներուն, երբ մենք ծարաւն ունէինք ուսման, զուլալ աղբիւրի մը նման ջրեց մեզ գիտութեամբ ու կեանք մը ամբողջ մնաց միշտ նոյն աղբիւրը մատչելի դարձնելով բոլորին:

Հիմա, երբ կը գրեմ իմ սիրելի ուսուցչուհիիս մասին, կը մտաբերեմ արաբերէն այս իմաստալից ու  վեհ խօսքը.

«Մեն ալամանի հարֆեն սրթու լահու ապտեն»:
«Ան որ ինծի կը սորվեցնէ գիր մը, ես պիտի ըլլամ անոր ծառան»:

Արաբական այս վեհ խօսքը, որ ըսուած է ուսուցիչի մը իրաւ արժանիքը պատկերացնելու համար, կը շեշտէ կամ աւելի կ՛ազնուացնէ ուսուցիչ եւ աշակերտ յարաբերութիւնը եւ մեզ կը մղէ երախտապարտ հոգեվիճակի:

Այո՛, պէտք է պատուանդանի վրայ դնել ուսուցիչը իր համակ ծառայութեան մեծարումով եւ տալ անոր լաւագոյն պայմաններ` ապրելու հանգիստ ու բարօր: Պէտք է իսկապէս խոնարհիլ ուսուցիչին առաջ, որ ոսկիէ ափսէի վրայ շարած իր գիտութիւնները ամբողջ` ի սպաս կը դնէ իր աշակերտներուն: Իր յոգնութիւններէն, ճիգերէն ու քրտինքներէն քաղած ամէն քաղցրահամ աւիւն կը դնէ աշակերտին ձեռքին, որպէսզի ան վայելէ այդ անուշութիւնները իր կեանքին մէջ, դժուար ճամբաներու վրայ:

Այո՛, մեր ուսուցիչները հոգի մաշեցուցած էին մեզի համար: Այն օրերուն համակարգիչ, լրատուական կայքէջեր չկային տակաւին: Մեր ուսուցիչները մեր համակարգիչը, մեր կայքէջը, մեր ուղեցոյցն ու առաջնորդն էին:

Է՜հ, ի՛նչ ծով համբերութիւն ու ի՛նչ մեծ սիրտ ունէին անոնք, որոնք տկար աշխատավարձերով կը սպառէին իրենց ամբողջ ներուժը` սիրտն ու շունչը: Իսկ հիմա մեր աչքերը պէտք է ուղղուին երկար տարիներու ծառայութեան մէջ սպառած ուսուցիչներուն, որոնք այժմ պէտք ունին այն ջերմութեան, զոր իրենք երկար տարիներ բաժնած են անդադար, հաւասարապէս եւ անսպառ: Պէտք է գնահատենք մեր անցեալի եւ ներկայի վաստակաբեկ ուսուցիչները, որպէսզի ապահովենք մեր նոր սերունդին գալիք ուսուցիչները, որոնց պիտի վստահուի արեւմտահայերէնի փրկութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES