Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ ետք հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Յորդանան: Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը Պէյրութ վերադառնայ յառաջիկայ երեքշաբթի, 13 մարտին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Փլամպլի դրուատեց հարաւի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ կայունութիւն` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւնները եւ իշխանութեան պետերը յանձնառու են ազգային երկխօսութեան շարունակութեան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշում չէ տուած Լիբանան-Սուրիա սահմանները փակելու:

ԵՐԷԿ առաւօտեան կանուխ ժամերուն 3,5 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Սուրը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ստորագրեց մազութի սակին վրայ յաւելուած արժէքի տուրքը ջնջող կառավարութեան վաւերացուցած օրէնքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Ամմար Հուրի մեկնեցան Փարիզ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին գծով ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի որդեգրած կեցուածքը նպաստած է Լիբանանի պաշտպանութեան:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող սիւննի ուժերու հանդիպում մը կազմակերպած է վարչապետարանին մէջ` հիմնական նպատակ ունենալով ապագայի իմաստով ընտրական դաշինքներու գոյացումը:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Ալի Իտ շեշտեց, որ Թրիփոլի կ՛ուղղուի դէպի լուրջ կացութիւն` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ իրավիճակը բաւական վտանգաւոր է: Իտ նկատել տուաւ, որ շէյխ Ահմետ Ասիր երեսփոխան Պահիա Հարիրիի յղփացած զաւակն է` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Նահր Պարետի եւ Ֆաթհ Իսլամի փորձառութենէն ոչինչ սորված է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջն է Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ լիբանանեան բանակի տեղակայումը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ամէն ջանք ի գործ դրած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման առումով:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատի աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնած են, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Քաթարի Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին բացատրած է Լիբանանի կեցուածքը` Սուրիոյ տագնապին առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մէկէ աւելի անգամներ գաղտնօրէն այցելած է Սէուտական Արաբիա:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES