Սաֆատի Մեկնեցաւ Կիպրոս

Սաֆատի` կիպրացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ. կեդրոնը` Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Մարքոլիս

Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ մեկնեցաւ Կիպրոս` ընդառաջելով կիպրացի իր պաշտօնակիցին` Քիքիս Քազամիասի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Մարքոլիսի հրաւէրին:

Կիպրոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Սաֆատի քննարկեց երկկողմանի տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով` Սաֆատի յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի, միացեալ շահերու եւ համաշխարհային խաղաղութեան ամրապնդման հիման վրայ:

Սաֆատի Կիպրոսի ելեւմուտքի նախարարին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Մարքոլիսի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Սաֆատի քննարկեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմանագծում կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Մարքոլիս յայտնեց, որ յառաջիկայ յունիսին Կիպրոս պիտի ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութեան նստաշրջանը, որուն ընթացքին ան միջազգային ամպիոններուն վրայ մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանի կեցուածքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES