«Հպարտ Ենք, Որ Կը Զօրակցինք Դիմադրութեան Եւ Կը Ֆինանսաւորենք Զայն» Շեշտեց Ապատի

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Իրան ահաբեկչութեան զոհ է` աւելցնելով, որ Թեհրան կը դիմադրէ ահաբեկչութեան:

Սուրիոյ տագնապին առումով Ապատի յայտնեց, որ իրենք համաձայն են, որ Սուրիա բարեկարգումներու կարիքը ունի, սակայն երբեք համաձայն չեն, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն շուրջ արտաքին միջամտութիւններ կատարուին:

Դիմադրութեան զօրակցելու հարցին առնչութեամբ Ապատի յայտնեց, որ իրենք հպարտ են, որ կը զօրակցին Դիմադրութեան եւ զայն կը ֆինանսաւորեն: «Մենք կը զօրակցինք բոլոր անոնց, որոնք կը պատերազմին Իսրայէլի դէմ: Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ազդեցութիւնը արդէն իսկ փարատած է, եւ անոնք պէտք է նկատի ունենան շրջանին մէջ ուժ ներկայացնող կողմերը», ընդգծեց Ապատի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES