Նախարար Մանսուր Ընդունեց Փլամպլին
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերիք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:
Փլամպլի յայտնեց, որ ինք երեք օր ետք պիտի ուղղուի Նիւ Եորք, ուր ներկայ պիտի գտնուի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին Ապահովութեան խորհուրդին գումարելիք նիստին, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պիտի ներկայացնէ իր տեղեկագիրը:
Փլամպլի նկատել տուաւ, որ Ապահովութեան խորհուրդը իր նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 21 մարտին:
Կիներու միջազգային օրուան առիթով Փլամպլի շնորհաւորեց լիբանանցի կինը եւ տարբեր մարզերու մէջ անոր արձանագրած իրագործումները: «Բայց եւ այնպէս ինծի համար զգալի էր, որ իմ ունեցած ծանօթացման բոլոր հանդիպումներուս ոչ մէկ կին պատասխանատուի հետ հանդիպեցայ», աւելցուց Փլամպլի:
Ան նկատել տուաւ, որ Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: