Վարչապետարանին Մէջ «Վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա Կատարած Այցելութիւնը Յաջող Էր» Յայտնեց Փիեթոն
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը դրական եղած է, յատկապէս նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Վարչապետը ընդունեց ելեւմտական հարցերու եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական մարզին վերաբերող հարցեր:
Միքաթիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է անպայման յստակացնել 11 միլիառ տոլարի գումարին մանրամասնութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, Գաղթականներու հարցերու սնտուկի նախագահ Ֆատի Արամունի եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել:


