Հայ Համայնքին Հետ Իր Հանդիպումին Ընթացքին «Ցեղասպանութեան Ժխտումը Զոհերու Յիշատակին Վիրաւորանք Է» Կ՛Ըսէ Սարքոզի

Նախագահ Սարքոզի

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի չորեքշաբթի օր Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «Ցեղասպանութեան ժխտումը անընդունելի է, ատիկա վիրաւորանք է, վիրաւորանք` զոհերու յիշատակին»:

Ըստ Էլիզէ պալատի հրապարակած հաղորդագրութեան, հանդիպումին առիթը Ֆրանսայի խորհրդարանի զոյգ պալատներուն որդեգրած` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ հակասահմանադրական ճանչնալու փաստն է:

Էլիզէի պալատի ղեկավարը անգամ մը եւս հաստատած է, որ հակառակ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին, ինք մտադիր է Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած նոր օրինագիծ առաջարկելու:

«Ես ձեզի կը վստահեցնեմ բանաձեւը յաջողութեան հասցնելու իմ անկեղծ մտադրութիւնս», ըսած է Սարքոզի:

Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական խորհուրդի վճիռին հրապարակումէն անմիջապէս ետք Սարքոզի կառավարութեան յանձնարարեց նոյնպիսի նոր օրինագիծ մը մշակել:

 

Share this Article
CATEGORIES