Արցախ. Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակին Նուիրուած Խորհրդակցութիւն
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 մարտին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը` Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող խնդիրներուն վերաբերեալ:
Խօսքեր առին տօնակատարութեան կազմակերպման կառավարական յանձնախումբի անդամները:
Բակօ Սահակեան յանձնախումբի անդամներուն յանձնարարեց մանրամասնօրէն մշակել բոլոր նախատեսուած ձեռնարկները եւ ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներուն` զանոնք կազմակերպուած եւ բարձր մակարդակով կայացնելու համար:
CATEGORIES Հայկական