«Լիբանանի Պատմութեան Դասագիրքին Մէջ Լիբանանահայութեան Բացակայութիւնը Անարգանք Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ու շրջանային զարգացումներուն եւ հարցերուն:

Լիբանանի պատմութեան դասագիրքի պատրաստութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հակառակ այն յայտարարութեան, որ այդ դասագիրքը մշակող յանձնախումբին մէջ ներկայացուած էին լիբանանեան բոլոր համայնքները, իրականութեան մէջ լիբանանահայութիւնը ներկայացուցիչ մը չունէր:

«Այս արարքը ուղղակի լիբանանահայութեան դէմ անարգանք կը նկատուի, որովհետեւ հայութիւնը Լիբանանը կերտող հիմնական տարրերէն է, ինչպէս նաեւ անոր ապագան երաշխաւորողն է, իսկ հայ աշակերտը երրորդ դասարանէն սկսեալ Լիբանանի պատմութիւն կը սորվի արաբերէնով:

Երբ կը խօսինք ուրիշը յարգելու եւ զայն չջնջելու մասին, անկարելի է, որ ուղղուինք պատրաստելու պատմութեան գիրք մը, առանց նկատի ունենալու հայ ներկայացուցիչ մը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անընդունելի են այն պատճառաբանութիւնները, թէ փորձած են հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատել լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ չեն կրցած:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ սերտելէ ետք Լիբանանի պատմութեան դասագիրքը, ինք կը հաստատէ, որ գիրքին մէջ արձանագրուած են նաեւ բացթողումներ, որոնց ծիրին մէջ կարելի է նկատել Սուրիոյ վերաբերող բաժինը, ուր չէ նշուած, թէ Ալեքսանտրէթի նահանգը կը պատկանի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած է:

«Իսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքներուն մէջ Օսմանեան կայսրութեան գործած Հայոց ցեղասպանութեան մասին ոչինչ գրուած է: Լիբանանցի աշակերտը պէտք է գիտնայ, որ այո՛, հայերը Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունէին, սակայն անոնց թիւը մեծցաւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան եւ Մեծ եղեռնին պատճառով: Լիբանանցի աշակերտը պէտք է գիտնայ, որ Լիբանանի խորհրդարանը արաբական աշխարհին մէջ միակ խորհրդարանն է, որ ճանչցած է, թէ Թուրքիան պատասխանատու է Հայոց ցեղասպանութեան: Անկարելի է նման ճշմարտութիւններ զանց առնել պատմութեան դասագիրքէն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ նշեալ դասագիրքէն զանց կացուցուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայ երեք կուսակցութիւններուն որդեգրած դրական չէզոքութեան կեցուածքը եւ պատերազմն ու քանդումը մերժելու եւ երկրին հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու լիբանանահայութեան սկզբունքները:

«Եթէ պատմութեան դասագիրքին պատրաստութեան պարագային այս բոլորը կատարուած են անգիտակցաբար` հարց է, իսկ եթէ այդ մէկը դիտմամբ կատարուած է, ապա աւելի լուրջ հարց է: Այս պարագային ես կը մեղադրեմ բոլոր պատասխանատուները, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ իսլամ, դաշնակից կամ ոչ դաշնակից: Պէտք է անոնք նուազագոյնը իրենք իրենց մորթին վրայ զգան եւ լաւ գիտնան, որ հայերը միայն քուէներ չեն», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ յանցագործին մեղքը ծածկելու համար համաձայնութիւններ կամ ելքեր առաջարկելու դրութիւնը: Ան հաստատեց, որ այդ մէկը լիբանանեան ընկերութեան մէջ ախտ դարձած է եւ այդ պատճառով ո՛չ աւազակը եւ ո՛չ ալ ոճրագործը օրէնքի հիման վրայ դատավարութեան կ՛ենթարկուին:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այս հանգրուանին ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի կողմէ ներկայացուած է 11 միլիառ տոլարի թղթածրարը լուծելու պատկերացում մը, «սակայն ես անձամբ նման համաձայնութիւններ կտրականապէս կը մերժեմ», ըսաւ ան:

Որոշ հանգրուանի մը ընթացքին կառավարութեան նիստերուն սառեցման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերուն դադրեցումը ոչ մէկ ձեւով առնչուած է նախկին նախարար Շարպել Նահհասի հրաժարականին հետ: «Վարչապետ Միքաթի կասեցուց կառավարութեան նիստերը, որովհետեւ նախարարաց խորհուրդին մէջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունէր պետական նշանակումները կատարելու իմաստով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Նահհասի կողմէ փոխադրածախսերու օրինականացման հետապնդումը նուաճում մըն էր, որուն պատճառով ինք` նախարարը սուղ վճարեց, սակայն Շարպել Նահհաս գաղափարական անձնաւորութիւն է եւ քաղաքական անձնաւորութիւն մը, որ օրինական առումով յաղթանակ արձանագրած է, սակայն քաղաքական իր ասպարէզին առումով տուժած է:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն կը զօրակցի նշանակուած նախարար Սելիմ Ժրայսաթիին եւ անոր աշխատանքներուն յաջողութիւն կը մաղթէ:

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը ձախողեցնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ դժբախտաբար ընդդիմութիւնը կրցած է այդ նիստին կայացումը արգելակել, «սակայն ժողովուրդին հարցերը շատ աւելի մեծ են եւ անհրաժեշտ է անոնց լուծումներ գտնել ու անոր լաւագոյնս ծառայել` նման քայլեր առնելու եւ նիստերը յետաձգելու փոխարէն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքին կողմէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ քաղաքական իր հաշիւները, դրդապատճառները եւ իւրայատուկ ձեւը ունի նման կեցուածքներ որդեգրելու առումով: Ան նկատել տուաւ, որ Ժոմպլաթ առիթ մը գտած է իր այդ կեցուածքով խորհրդարանը միասնականացնելու եւ քաղաքական երկփեղկումին դէմ դնելու:

Անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք համոզուած է, որ այդ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ եւ աւարտած` դրական արդիւնքներով: «Կը մաղթենք, որ այդ դրական մթնոլորտը գործադրութեան դրուի պետական նշանակումներով», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Պետական նշանակումներուն պարագային լիբանանահայութեան շահերուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ լիբանանահայութեան իրաւունքը նկատուող արդար նշանակումները պահանջելու առումով:

«Ժամանակն է արդէն, որ լիբանանահայութիւնը ստանայ իր բոլոր իրաւունքները եւ վերջ դրուի այդ իրաւունքները գործադրելու շրջագիծին մէջ արձանագրուող զլացումին: Լիբանանահայութիւնը, իր առաքելական, կաթողիկէ թէ աւետարանական յարանուանութիւններով, լաւապէս կրնայ ծառայել Լիբանանին, ինչպէս որ այլ համայնքներու զաւակներ կը ծառայեն այս երկրին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Միջին Արեւելքի մէջ «Արաբական գարնան» մասին իր կարծիքը յայտնելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ գարունը սկսած է հարաւային Լիբանանի ազատագրումով, սակայն ան ձմրան վերածուած է` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կատարած յայտարարութիւններուն դէմ կառավարութեան տուած պատասխանին ակնարկելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութեան պատասխանը թէեւ ուշ է, սակայն անիկա լաւ պատասխան է, որովհետեւ բոլոր դեսպանները պէտք է գիտակցին, թէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կարմիր գիծ մըն է, որ պէտք չէ շրջանցել: Այս ծիրին մէջ, Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ պէտք է մերժել Արեւմուտքին եւ Ուաշինկթընի կողմէ բանեցուող բոլոր ճնշումները:

Սուրիոյ տագնապին մասին Յ. Բագրատունի նշեց, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը բարեկարգումէն անդին կ՛անցնի` հասնելով Սուրիան մասնատելու դաւադրութեան, որ շատ աւելի վտանգաւոր է, քան` Սայքս Փիքոյի համաձայնագիրը:

Նահատակաց հրապարակին վրայ շէյխ Ահմետ Ասիրի հրաւիրած ու կատարուած ցոյցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա ոչ մէկ կապ ունի Լիբանանին հետ` աւելցնելով, որ այդ ցոյցին ընթացքին մտահոգիչ յայտարարութիւններ կատարուած են:

«Պէտք է միանգամընդմիշտ համոզուիլ, որ քրիստոնեաները շրջանին հիմքը կը կազմեն եւ իրենց գոյութեան մասին ոչ մէկուն երաշխիքին կարիքը ունին, ո՛չ Ասիրին, ո՛չ թուրքերուն եւ ո՛չ ալ այլոց», եզրափակեց ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES