50 Տարի Առաջ ( 10 մարտ 1962 )

Վարդանանցը
Քարանթինայի Մէջ

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին կազմակերպած տօնակատարութիւնը` նուիրուած Վարդանանց յիշատակին, տեղի ունեցաւ 1 մարտ 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Քարանթինա:

Դպրոցին քայլերգէն ետք, զոր երկձայն երգեց երգչախումբը, ընկերակցութեամբ երգեհոնի, տեսուչ Հրանդ Աճեմեան կատարեց բացումը հանդիսութեան` շեշտելով Վարդանանց յիշատակի հանդիսութեան կարեւորութիւնը:

Ապա ապրումով արտասանեց Զ. Պեքերեճեան, Վ. Թէքէեանի «Վարդանանց» քերթուածը, որմէ ետք երգչախումբը ներդաշնակօրէն երգեց «Նորահրաշ պսակաւոր» շարականը: Ա. Տեմիրճեան յաջողութեամբ մեներգեց «Ո՛վ դու բարեկամ» երգը: Տեսուչը հրաւիրեց օրուան բանախօսը` Անթիլիասի երիտասարդ միաբաններէն Եզնիկ աբղ. Բալայեանը:

Բանախօս հայր սուրբը յատուկ պերճախօսութեամբ նախ ներկայացուց Ե. դարը, տուաւ անոր գլխաւոր յատկանիշերը, թուեց այդ դարուն տուած բարիքներն ու ունեցած դերը պատմութեան եւ ազգային դիմագիծի կազմութեան մէջ: Ապա պատմական այդ շղթան կապեց Վարդանանց հերոսամարտին. գեղեցկօրէն տուաւ անոր պատմական մանրամասն գիծերը, պարզեց պարսիկ արքային նպատակը, հայ ժողովուրդի նկարագիրն ու կորովի կամքը, անհաւասար ու ճակատագրական պատերազմը: Ապա հայր սուրբը տուաւ գլխաւոր նկարագրային գիծերը Վարդանանց հերոսներուն, որոնց հզօր հաւատքին ու աննկուն կամքին շնորհիւ մենք կ՛ապրինք այսօր, իրենց սուրբ յիշատակովը օծուն եւ սուրբ արեամբ յաւերժացած:

Հայր սուրբին բանախօսութիւնը խլեց երկարատեւ ծափեր, որմէ ետք յուզումով արտասանեց Ա. Ասատուրեան` Մ. Մանուկեանի «Տո՛ւր մեզի Տէ՜ր…» քերթուած:

Երգչախումբը խանդավառութեամբ երգեց «Իմ հայրենեաց» երգը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան նախագահը` ՀԵԿ դպրոցներու վարիչ-տնօրէն Վարդան վրդ. Տեմիրճեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի Կիրակնօրեայ դպրոցի ժրաջան տեսուչին եւ ուսուցչական կազմին, որ իրեն շնորհած էին այդ գեղեցիկ հանդիսութեան նախագահելու պատիւը, ապա դրուատեց Վարդանանց ոգին ու շեշտեց անոր կարեւորութիւնը` առողջ եւ կենսունակ սերունդի մը կերտումին մէջ:

Ն. Մ.

Սկաուտական Հանդէս

Քանի մը տարիներէ ի վեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սկաուտները, մղուած ներքին ժրաջան աշխատանքի, հանրութեան չներկայացան հանդէսներով, կիրակի, 25 փետրուար 1962-ի հանդէսը իրենց աշխատանքի լրջութիւնը լաւապէս արտայայտեց:

Սկաուտները, գայլիկներն ու արենուշները բեմ բարձրացան կոկիկ ու խնամուած յայտագրով մը: Սկաուտական նուագախումբին հնչեցուցած լիբանանեան եւ ազգային քայլերգներէն ետք, Գ. Գասպարեան բացաւ հանդէսը` ծնողներուն ներկայացնելով սկաուտական խումբերն ու անոնց անմիջական աշխատանքները:

Յայտագրին մեծ մասը զաւեշտները բռնած էին. «Երեք քաջ» եւ «Դդումի վաճառականը»: Զաւեշտի մը գլխաւոր նպատակը խնդացնել է` հարկաւ հանելով բարոյական դաս մը: Դերակատարները, որոնք երկու զաւեշտներուն մէջ ալ նոյն սկաուտներն էին, յաջողեցան իրենց նպատակին մէջ, բայց խնդացուցին ոչ թէ կոպիտ շարժումներ ընելով (ինչպէս յաճախ կը տեսնենք զաւեշտներու խաղարկութեան ընթացքին), այլ` զուսպ խաղարկութեամբ: Այս առաւելութիւնը արդիւնք է երկարատեւ ու համբերատար աշխատանքի: Դերակատարներուն մէջ մասնաւոր ուշադրութեան արժանացան` Գէորգ Չիւթպաշեան, Յարութիւն Կանայեան, Անդրանիկ Մորոյեան, Անդրանիկ Գիւթիւկճեան:

Յայտագրին մնացած բաժինը նոյնպէս լաւ պատրաստուած էր: Արտասանեցին` Քնարիկ Տաքեսեան («Առկայծ ճրագ»), Գէորգ Անտիլեան («Ուխտ Ծննդեան»), Զոհրապ Եագուպեան («ՈՒխտ Արարատին»), Պօղոս Սվաճեան (արաբերէն), Յարութիւն Պալըգեան (անգլերէն) եւ Յովսէփ Մունճեան («Սասունցի Դաւիթ»): Մասնաւոր ուշադրութեան արժանացաւ վերջինը, բոքրիկ գայլիկ մը, որ արտասանեց մաքուր առոգանութեամբ եւ ուղիղ շեշտերով: Նուագեց եւ գեղեցիկ ձայնով «Իմ այրող վշտից»-ը երգեց: Սարգիս Թոփալեան` խորապէս յուզելով ներկաները: Սկաուտական նուագախումբը մէջ ընդ մէջ հրամցուց հայկական եղանակներ:

Հանդէսին մէջ կարեւոր տեղ մը ունէր դասախօսութիւն մը` սկաուտութեան մասին: Դասախօսը Ա. Առաքելեան, նախ ներկայացուց սկաուտութեան ընդհանուր ոգին, նպատակները եւ աշխատանքի ձեւերը, ապա իր խօսքը մասնաւորելով Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի մասին` կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակներով խտացնել սկաուտական շարքերը ու մանաւանդ հետաքրքրուիլ անոնց աշխատանքներով  ակումբէն ներս: Լաւ արդիւնք մը պայմանաւորուած է ծնողքի եւ պատասխանատուի սերտ յարաբերութեամբ, ինչ որ առիթ պիտի տայ աւելի մօտէն հետեւելու սկաուտի նկարագրի ու դիմագծի կազմութեան:

Փափաքելի է, որ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտները յաճախ կրկնեն այս տեսակի հանդէսներ` իրենք զիրենք սրբագրելով ու աւելի լաւին ցանկալով:

Տ. Ճ.

Share this Article
CATEGORIES