Ձեռք Սեղմե՞լ, Թէ՞ Ոչ
Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Անգլիոյ մէջ բաւական աղմուկ բարձրացաւ, երբ երկրին Ողիմպիական կոմիտէին գլխաւոր բժիշկը յայտարարեց, որ անգլիացի բոլոր մարզիկներուն արգիլուած է 2012-ի ողիմպիականի խաղերուն իրենց մրցակիցներուն ձեռքը սեղմել:
Ան այդ որոշումը բացատրեց այն բանով, որ աւանդական ձեռքսեղմումի ժամանակ, անգլիացի մարզիկները կրնան փոխանցիկ հիւանդութենէ վարակուելով ձախող արդիւնքներ արձանագրել:
Սակայն Անգլիոյ Ողիմպիական կոմիտէն փորձելով մեղմացնել լրատուամիջոցներուն քննադատութիւնները եւ քաղաքացիներուն վրդովմունքը, ուզեց փոխել բժիշկին յայտարարած այդ լուրը եւ ըսաւ, որ անոնք կրնան իրենց մրցակիցներուն ձեռքերը սեղմել, ապա` լուացուիլ:
CATEGORIES Մարզական