Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանցի Երկու Մարզիկներ Ելոյթ Պիտի Ունենան Պոլսոյ Մէջ
Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Մերի Յովհաննիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հայաստանցի երկու վազողներ` Ամալիա Շառոյեան եւ Աշոտ Հայրապետեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 9-11 մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան:
Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Շառոյեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 400 մեթրի, իսկ Հայրապետեան` 800 մեթրի վազքի մրցումներուն:
Նշենք, որ քանի մը օրէ ի վեր արդէն հայրենի մարզիկները կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր կը կատարեն ուսումնամարզական հաւաք մը` նախապատրաստուելով այս մրցաշարքին:
CATEGORIES Մարզական