«Դիւցազնագիրք»-ը Ունեցաւ Նոր Մրցանշակիր
Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան եւ իրաւագիտութեան ուսանող Ռոման Սահրատեան իր անունը արձանագրեց հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ` իր հաստատած նոր մրցանիշով:
«Արմենփրես»-ի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, ան Ալպերթ Ազարեանի անուան Ողիմպիական դպրոցին մէջ 5 վայրկեանուան ընթացքին հորիզոնական ձողի վրայ կատարեց «մեծ պտոյտ դէպի առջեւ» փորձը` 152 անգամ:
Այս փորձը առաջին անգամ ըլլալով էր, որ տեղի կ՛ունենար թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհի մէջ:
Նշենք, որ ան սեպտեմբեր 2011-ին «մեծ պտոյտ դէպի ետեւ» փորձը 560, իսկ 16 դեկտեմբերին` 1001 անգամ կատարած էր` գերազանցելով իր իսկ հաստատած նախկին մրցանիշը:
CATEGORIES Մարզական


