Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբը Պարգեւատրեց Կարգ Մը Միութիւններ Եւ Հաստատութիւններ
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբը պարգեւատրեց կարգ մը միութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք իրենց դրական ներդրումը ունեցած էին 2011-ի մարաթոնին յաջողութեան մէջ:
Պարգեւատրուողներուն շարքին էին քաղաքապետութիւններու յատուկ յանձնախումբերը, կրթական հաստատութիւններ, Լիբանանեան կարմիր խաչը, հրշէջներու կազմակերպութիւնը եւ այլ վազողներ:
Իր խօսքին մէջ, Մարաթոնի յանձնախումբին փոխնախագահ եւ հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ շնորհաւորելով բոլոր պարգեւատրեալները ըսաւ, որ երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով յանձնախումբին նախագահը` Մէյ Խալիլ, չկրցաւ այս հանդիսութեան ներկայ գտնուիլ:
Ան նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին` յառաջիկայ տարիներուն տեղի ունենալիք այլ մարաթոններու ընթացքին:
Ապա, յատուկ յուշանուէրներու տուչութիւն տեղի ունեցաւ:
Նշենք, որ պարգեւատրեալներուն կարգին եղաւ «Պրէյվ Հարթ» միութիւնը, որ մարաթոնին մասնակցեցաւ 2300 երկսեռ վազողներով, իսկ Լուէյզի վարժարանը մասնակցեցաւ 1023 վազողներով:


