Ճատրակ. Հայրենի Վարպետներուն Մասնակցութիւնը` Քափել Լա Կրանտի Մրցաշարքին
Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Տիգրան Լ. Պետրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Քափել լա Կրանտի ճատրակի մրցաշարքին, 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք այժմ ապահոված է 5 կէտ: Անոր նման նոյնքան կէտ ապահոված են նաեւ 7 այլ կրանտմասթըրներ, կը յայտնէ Armchess.am.:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ Պասեմ Ամին (Եգիպտոս), մինչ Պետրոսեան թայ-պրէյքով` 2-րդ դիրքը:
Տիգրան Ղարամեան ապահոված է 4,5 կէտ, իսկ 4-ական կէտ ապահոված են Դաւիթ Յարութիւնեան, Զաւէն Անդրէասեան, Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան եւ Գէորգ Յարութիւնեան: 3,5-ական կէտ ապահոված են Սերկէյ Գրիգորեանց եւ Քարինա Համբարձումովա, իսկ 3-ական կէտ` Տաթեւ Աբրահամեան եւ Եւգենիա Տոլուհանովա:
Մրցաշարքին աւարտին մնացած է երեք հանգրուան:
ՌԱՇԹԻ մէջ (Իրան) աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի վարպետ Արսէն Եղիազարեան առաւելագոյն 11 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով 103 մասնակցողներու մէջ գրաւեց 10-րդ դիրքը: Լեւոն Փապուճեան ապահովեց 6,5 կէտ:
Տիտղոսին տիրացաւ Փույա Իտանի (Իրան)` ապահովելով 9 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի անոր Բ. մրցաշարքին, Մարիա Գէորգեան 8 կէտով գրաւեց 9-րդ դիրքը: Հայկ Մարտիրոսեան ապահովեց 7,5 կէտ:

