50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ԱՊՐԻԼ 2011 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀՅԴ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ԿՈՄԻՏԷԻՆ
ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

8 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ Կ՛ԱՆՑՆԻՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

Ֆիլատելֆիայէն կը հաղորդեն «Հայրենիք»ի.-

25 մարտ, շաբաթ գիշեր, ժամը 8:30-11:00, Ազգային սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Ֆիլատելֆիոյ կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած հրապարակային բանախօսութիւնը` ոգեւոր ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

Կոմիտէի ատենապետ ընկ. Երուանդ Թերզեան ներկայացուց օրուան բանախօսը` ընկ. Մինաս Թէօլէօլեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Պոսթընէն:

Ընկ. Մ. Թէօլէօլեան` մանրամասնօրէն, յատկանշական եւ ուշագրաւ նորութիւններով, պատմական թուականներու եւ փաստական տուեալներու յիշատակումով պարզեց հայրենիքի եւ սփիւռքի հայ իրականութեան ազգային, քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը, եւ հայ կեանքի այս կենսական մարզերուն մէջ` Դաշնակցութեան եւ հակադաշնակցական հոսանքներու դիրքն ու ուղղութիւնը:

Ընկ. Թէօլէօլեանի բանախօսութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ, ամրացած էր փաստերով ու թուականներով: Ան մէկիկ-մէկիկ կարդաց հակադաշնակցական մամուլի, բեմախօսներու եւ ղեկավար դէմքերու հակասական եւ  յարափոփոխ տեսակէտները` ազգային եւ համահայկական հիմնական հարցերու շուրջ, եւ եզրակացուց, թէ քաղաքական կազմակերպութեան մը համար սնանկութիւն է «գործելու» եւ «պայքարելու» այս ձեւը:

Բանախօսութիւնը ստեղծեց ընդհանուր ոգեւորութիւն, եւ ներկաները մնացին երկար` բազմաթիւ հարցումներ ուղղելով ընկ. Թէօլէօլեանին, որ տուաւ լիովին գոհացուցիչ բացատրութիւններ:

Այս մասին պիտի գրենք առանձին:

Յաջորդ օր տեղի ունեցան ընկերական ժողով եւ խրախճանք` խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Տեղի ունեցաւ, նախ երդման արարողութիւնը նորագիր 11 ընկերներէ 8-ին, կնքահայրութեամբ ընկեր Մ. Թէօլէօլեանի, որ ոգեշունչ ճառ մը խօսեցաւ այս առթիւ` պարզելով դաշնակցական նկարագրի հիմնական գիծերը եւ Դաշնակցութեան գաղափարական եւ բարոյական սկզբունքները:

Նորագիր ութ ընկերները ազգային դաստիարակութիւն ստացած երիտասարդներ են, որոնց կարգին համալսարանաւարտներ կան:

 

ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ՏՈՄՍԵՐ

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ Է, ԲԱՅՑ… ՀԱՒԱՏԱՑԷՔ

Եթէ ձեզի ըսեն, թէ Պէյրութի հանրային չորս կարեւոր սպասարկութիւնները` ելեկտրական ընկերութիւն, ջուրի ընկերութիւն, հեռաձայնի սպասարկութիւն եւ քաղաքապետութիւն, գործօն դեր չունին եւ մեծ ձեռնարկներ գլուխ չեն հաներ, մի՛ հաւատաք:

Եթէ պտոյտ մը կատարէք Պէյրութի թաղերուն մէջ, օրուան ո՛ր ժամուն ալ ըլլայ, պիտի տեսնէք այդ սպասարկութեանց տենդագին աշխատանքներուն արդիւնքները: Կարծես մրցումի ելած են իրարու հետ:

Կը տեսնես, որ քաղաքապետութիւնը նոր ճամբայ բացած է` շտկած կուպրով ծածկած եւ գործածութեան դրած, մեծապէս դիւրացնելով երթեւեկը:

Յաջորդ օր կը տեսնես, որ այդ նորաւարտ ճամբուն վրայ գործաւորներ կ՛աշխատին` փորելով ճամբուն մէկ կողմէն միւսը: Հեռաձայնի սպասարկութեան գործաւորներն են, որոնք ելեկտրական խողովակներ կը տեղաւորեն` ինքնագործ հեռաձայնի զետեղումներուն համար:

Քանի մը շաբաթ երթեւեկը կը դադրի այդ ճամբուն վրայէն: Ատկէ ետք ճամբուն վրայ բացուած փոսին մէկ մասը կը գոցուի եւ ինքնաշարժներ այդ մէկ կողմի վրայէն կը սկսին անցնիլ:

Քանի մը շաբաթ ալ այդպէս, եւ վերջապէս` ամբողջովին կը վերանորոգուի ճամբան եւ կը կանոնաւորուի երթեւեկը:

Երկար չի տեւեր այս վիճակը: Յանկարծ կը տեսնես, որ բանուորներ եկած են եւ այդ նոյն ճամբան վերստին կը փորեն: Այս անգամ ջուրի ընկերութեան աշխատաւորներն են, որ նոր խողովակներ կը տեղաւորեն կամ հիներուն տեղ նորեր կը դնեն:

Մի՛ կարծէք, թէ մէկ-երկու օրէն կը վերջանայ այդ աշխատանքը: Երբեմն շաբաթներ բաց կը մնայ փոս մը, որուն վրայ կը պսպղայ կարմիր լոյս մը: Յաճախ անցորդներ անզգուշութեան մը պատճառով, կ՛իյնան այդ փոսին մէջ եւ շաբաթներ անկողին կը մնան իրենց վնասուած ոտքը դարմանելու համար:

Մի՛ հաւատաք, եթէ ըսեն, թէ այս գործողութիւններէն ետք կը վերջանայ ամէն բան, եւ այլեւս ճամբան ազատօրէն հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուի:

Քանի մը ամիս առաջ թափուած կուպրը տեղ-տեղ կը բացուի, խորտուբորտ կը դառնայ ճամբան: Ինքնաշարժներ կը ցնցուին: Պէտք կ՛ըլլայ ճամբուն հիմնական նորոգութիւնը: Քաղաքապետութիւնը գործի կը լծուի: Երթեւեկը արգիլուած է այդ ճամբէն: Շաբաթներ կը տեւէ նորոգութիւնը, որմէ ետք վերստին գործի կը լծուին ջուրի, ելեկտրականութեան եւ հեռաձայնի սպասարկութիւնները:

Եւ այսպէս, մեր ճամբաները անվերջ նորոգութեան մէջ են:

Եթէ ըսեն, թէ այդ հանրային չորս կարեւոր սպասարկութիւնները համագործակցութիւն ունին եւ իրարու ծրագիրներէն տեղեակ են, թէեւ հաւատալի է, բայց… մի՛ հաւատաք:

ԴԻՏՈՂ

Share this Article
CATEGORIES