ՍՏՈՒԵՐԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒԹ ՄԷԿ ԱՆԿԻՒՆԷՆ ԹՈՆԵՐՈՎ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԱԾ Է ՃԱՓՈՆԻ ԱՂԷՏԱԼԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ԵՒ ՑՈՒՆԱՄԻԻՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ: «ԵԱՔՈՒԶԱ» ՈՃՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԷՆ ԷԻՆ, ՈՐՈՆՔ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՆՊԱՍՏ ԲԱԺՆԵՑԻՆ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ: «ՌՈՅԹԸՐԶ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՃԱՓՈՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏՈՒԿ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԻ ԵԶԱԿԻ ՄԷԿ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՆՈՅՆԻՍԿ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԿԵՐՊՈՎ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ԿԱՄ ԿԱՐԳԱՊԱՀԱԿԱՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԿԱՏԵԼ, ԹԷԵՒ ԿՐՆԱՅ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԹՈՒԻԼ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ:

«Եաքուզա»ի խմբաւորումներ Թոքիոյէն եւ Կէոպիէն փոխադրակառքերով սննդեղէն, ջուր, ծածկոցներ եւ առողջապահական խնամքի յատուկ իրեր ուղարկած են հիւսիսային Ճափոն, ուր 11 մարտին պատահած երկրաշարժն ու ցունամին աւեր սփռեցին եւ պատճառ դարձան առնուազն 27 հազար հոգիի մահուան ու անհետացումին:

«Եաքուզա»ն աւելի լաւ ծանօթ է իբրեւ սպառնալիքներով, բախտախաղի, պոռնկագրութեան եւ պոռնկութեան միջոցով դրամ դիզող ոճրային կազմակերպութիւն մը, որուն անդամները կը կրեն գրեթէ իրենց ամբողջ մարմինը ծածկող փարթամ կիտածներ:

Սակայն աղէտները ի յայտ կը բերեն «Եաքուզա»ի մէկ այլ կողմը, եւ անոնք արագ ու լուռ կ՛աշխատին` օգնութիւն հասցնելով ամէնէն կարիքաւորներուն:

Ինչպէս 1995-ի Կէոպէի աղէտալի երկրաշարժին ժամանակ, պետական սպասարկուներ այս անգամ եւս դանդաղ կը հասնէին աղէտահար շրջանները, որոնց տարածքին աւելի քան 300 հազար վերապրողներ կարիքը ունէին անմիջական օգնութեան: Հետեւաբար «Եաքուզա»ի պատկանող խմբաւորումներ շատ արագ գործի լծուեցան եւ բազմաթիւ պարագաներու` առաջինն էին, որոնք հասան աղէտահար ժողովուրդին:

Նման արարքներ կը բխին «Եաքուզա»ի այն գիտակցութենէն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ինքնաբաւ դառնալ` առանց պետական կամ հաւաքական զօրակցութեան, որովհետեւ անոր անդամները կը նկատուին ընկերութեան կողմէ մերժուած անձեր:

Այս աւազակախմբային կազմակերպութեան անդամներէն շատերը ժամանակին ենթարկուած են խտրական վերաբերումի եւ կը պատկանին փոքրամասնութիւններու, ինչպէս` քորէական ծագումով բնիկներ կամ «պուրաքումին», որոնք կ՛աշխատին մահուան առնչուած մարզերու մէջ, այսինքնմսագործ են կամ կաշեգործ:

«Եաքուզաները ընկերութենէն դուրս մնացած անձեր են,- կ՛ըսէ Մանապու Միյազաքի` բեղուն գրագէտ մը, որ աւելի քան 100 գիրք գրած է եաքուզաներու եւ փոքրամասնութիւններու մասին եւ ինքնին զաւակն է Քիոթոյի եաքուզաներու նախկին մէկ մեծաւորին:- Անոնք տառապած են եւ պարզապէս կը փորձեն օգնել այլոց, որոնք դժուար կացութեան մատնուած են»:

Ուրիշներ յետին նպատակներ կը տեսնեն կազմակերպութեան բարեսիրական արարքներուն մէջ:

«Երբ անոնք օգնութիւն կը ցուցաբերեն քաղաքացիներուն, ապա ոստիկանութիւնը չի կրնար վատ բաներ ըսել իրենց մասին», կ՛ըսէ լրագրող Թոմոհիքօ Սուզուքի, որ բազմաթիւ գիրքեր գրած է Ճափոնի ընդյատակեայ կեանքին վերաբերեալ:

«Եաքուզաները կը փորձեն դիրք մը ապահովել, որպէսզի կարենան պայմանագրութիւններ ապահովել իրենց շինարարական կազմակերպութիւններուն համար, երբ զանգուածային վերակառուցումը սկսի», կ՛աւելցնէ ան:

«Եաքուզա»ի մէկ ղեկավարը կը մերժէ նման քննադատութիւն մը:

«Շատ երկար կը տեւէ, մինչեւ որ պետութիւնը հասնի այս կողմերը, հետեւաբար անհրաժեշտ է գործի լծուիլ անմիջապէս», կ՛ըսէ «Եաքուզա»ի բարձրաստիճան ղեկավար մը, եւ որուն խօսքը մէջբերած է այս կազմակերպութեան առնչուող հարցերուն մէջ մասնագիտացած «Թայշու» շաբաթաթերթը:

«Այս վայրկեանիս մեր անկեղծ զգացումը որեւէ ձեւով պիտանի դառնալն է ժողովուրդին», ըսած է ղեկավարը, որ մերժած է նշուիլ իր անունով:

ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐԷՆՔՈՎ ԳՈՐԾՈՂ ԱՒԱԶԱԿԱԽՈՒՄԲԸ

«Եաքուզա»ի խմբաւորումներ ցարդ երկրաշարժի գօտի ուղարկած են աւելի քան 500 հազար տոլարի նպաստով բեռցուած առնուազն 70 փոխադրակառքեր, ինչպէս կ՛ըսէ «Եաքուզա»ի մասնագէտ Ճէյք Ատելշթայն, որ կը բնակի Թոքիոյի մէջ եւ երկու գիրքեր կը գրէ ճափոնական սենտիքաներու մասին:

Աւազակախմբային կազմակերպութեան բարեսիրական մօտեցումին արմատը կը գտնուի անոր «նինքիօ» օրէնքին մէջ, կը բացատրէ Ատելշթայն: Այս օրէնքը կ՛արժեւորէ արդարութիւնն ու պարտականութիւնը եւ կ՛արգիլէ թոյլ տալ, որ ուրիշներ տառապին: «Երկրաշարժի նման աղէտներու ժամանակ «Եաքուզա»ն օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ կարիքաւորներուն», կ՛ըսէ ան:

Ացուշի Միզոկուչի, որ «Եաքուզա»ի հակառակորդներէն է եւ 40 տարիէ ի վեր կը գրէ կազմակերպուած ոճիրներու մասին, բոլորովին չի մերժեր զանոնք:

«Կը կարծեմ, թէ հանրային կապեր հաստատելու ճիգէ մը աւելի` անոնք բարի նպատակներ կը հետապնդեն», կ՛ըսէ Միզոկուչի: Ան այնքա՛ն զայրոյթ պատճառած է «Եաքուզա»ի, որ աւազակախումբին անդամները երկու անգամ յարձակած են անոր վրայ եւ` դաշունահարած:

Սակայն «Եաքուզա» կը խուսափի իր փրկութեան աշխատանքներուն վրայ բացուած լուսարձակներէն:

Ատելշթայն կը բացատրէ, թէ ոչ պաշտօնական փոխհասկացողութիւն մը գոյութիւն ունի «Եաքուզա»ի եւ ոստիկանութեան միջեւ, որ հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերէ նման բարեսիրական աշխատանք կատարող աւազակախումբերու նկատմամբ, որոնք քարոզչութեան նպատակներ չեն հետապնդեր:

«Անոնք ամէնէն աւելի կը ձգտին ինքնաբաւարարումի,- կ՛ըսէ Միյազաքի:- Անոնք դրամի համար չեն օգներ, այլ` պատուի»:

Ճափոնի տարածքին կան շուրջ 80 հազար եաքուզաներ: Սումիոշի-Քայ եւ Ինաքաուա-Քայ այս կազմակերպութեան երկրորդ եւ երրորդ մեծագոյն սենտիքաներն են, որոնք կազմակերպուած ոճիրներ կը գործադրեն եւ ամէնէն աւելի աշխուժ են` երկրաշարժի զոհերուն օգնութիւն հասցնելու մէջ:

Ինաքաուա-Քայի «Ընդհանուր հարցերու բաժանմունքէն» մարդ մը կտրուկ կերպով կը շեշտէ հետեւեալը. «Մենք չենք խօսիր»: «Ռոյթըրզ»ի կողմէ կազմակերպութեան թիւ 2 ղեկավարին հետ խօսելու խնդրանք մը կը մնայ անպատասխան:

«Եաքուզա» կը խուսափի ուշադրութեան առարկայ դառնալէ 1992-էն ի վեր, երբ աւազակախումբերու դէմ օրէնք մը գործադրութեան դրուեցաւ Ճափոնի մէջ: Անցեալ տարի Ճափոնի ազգային ոստիկանութիւնը սաստկացուց իր հետապնդումները, ինչ որ աւելի սրեց հանրութեան մէջ եաքուզաներու դէմ տրամադրութիւնները:

Սակայն ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ, թէ անոնց նուիրած օգնութիւնը մերժուած է, հաւանաբար որովհետեւ յայտնի չէ, թէ բաժնուած օգնութիւնը ուրկէ՛ եկած է:

Նաեւ ժամանակը չէ քննադատական մօտեցումով պրպտելու անմիջական օգնութեան աղբիւրները, ինչպէս կ՛ըսէ Սուզուքի:

«Երբ կենաց մահու հարց է, կարեւորութիւն չես տար, թէ ուրկէ՛ կու գայ սննդեղէնդ», կ՛ըսէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES