Էրտողանի Դիմաց Պաստառ Պարզելու Համար Մինչեւ 15 Տարուան Բանտարկութիւն
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին «Կը պահանջենք ձրի կրթութիւն» գրութեամբ ցուցապաստառը պարզած երիտասարդները 7.5-էն 15 տարուան բանտարկութեան վտանգ կը դիմագրաւեն: Դատաւորը զանոնք մեղադրած է «զինեալ խմբաւորման անդամ ըլլալու» համար:
Նոյն գործով նախկին դատաւորը առաջարկած էր արդարացնել երիտասարդները եւ ազատ արձակել զանոնք` յարգելով խօսքի ազատութեան իրաւունքը:
«Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ գործով նոր դատաւորը պահանջած է ջնջել զանոնք ստորագրութեամբ ազատ արձակելու խափանման միջոցը եւ դատապարտել 7-15 տարուան բանտարկութեան: Ան պնդած է, որ երիտասարդները ահաբեկչական խմբաւորման նախաձեռնութեան ծիրին մէջ մասնակցած են արգիլուած ցոյցերու:
CATEGORIES Միջազգային