Ըստ Զաֆեր Չաղլայանի Սարքոզի Եւ Մերքել Թուրքիոյ Կը Նախանձին
Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայան յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ կը նախանձին: Ըստ թուրք նախարարին, նախանձի պատճառը այն է, որ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ընթացքին Թուրքիա որեւէ դժուարութիւն չէ ունեցած` «լաւ ղեկավարի շնորհիւ»:
«Հաւատացէք, որ երբ Սարքոզին կամ Մերքելը այլ հարցերու մէջ երբեմն Թուրքիոյ համար խնդիրներ կը յարուցեն, ատոր հիմնական պատճառը նախանձն է», ըսած է ան:
Ըստ թուրք նախարարին, Եւրոպայի հիմնական խնդիրը ղեկավարներ ունենալու հարցն է, եւ եւրոպացի ղեկավարները կը նախանձին Թուրքիոյ, որովհետեւ թուրքերը այլեւս պարտք վերցնելու համար ոեւէ մէկու չեն դիմեր:
Զաֆեր Չաղլայան անցեալը յիշելով ուշագրաւ համեմատութիւն կատարած է: «Անցեալին մենք մթութեան մէջ ճանապարհ փնտռող մարդու կը նմանէինք: Կը նմանէինք պեխերը կտրուած կատուի մը, որուն կողմնորոշիչները իր պեխերն են: Հիմա պատկերը այլ է», ըսած է ան:


