Շիրվանզադէի «Ազգային Գործիչը» Թատերախաղի Բեմադրութեամբ Փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեան Կը Յիշեցնէ Հայու Նոր Բայց Հին Ախտավարակ Հոգեվիճակը
ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ) «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը երէկ` ուրբաթ, 9 մարտի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց Ալեքսանդր Շիրվանզադէի «Ազգային գործիչ» թատերախաղը` բեմադրութեամբ հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ, փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեանի:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած եւ երկու արարով ներկայացուած այս թատերախաղը, իր կատակերգական հիւմըրի սրամիտ ոճով, հանդիսատեսները փոխադրեց անցեալ դարաշրջանին տիրած հայ հասարակական կեանքին, ամէնէն ժողովրդային երեւոյթին` ազգային գործունէութեամբ զբաղիլ յաւակնողներու ներաշխարհը:
Անի Պետրոսեանի մտայղացած ու Մատթէոս Աւագեանի կողմէ իրականացուած բեմայարդարումը տպաւորիչ էր իր ճոխութեամբ, որ կը ցոլացնէր Բուռնութեանց ընտանիքի նիւթապէս խիստ բարեկեցիկ վիճակը: Այնքան մը բարեկեցիկ, որ նոյնիսկ տան սպասուհին` Սոֆիկը (Այտա Սրապոնեան), իր առանց գոգնոցի տեսքով ու յարդարուած մազերով կարծէք Բուռնութեանց ընտանիքի ամուսնոյն` Միքայէլի երկրորդ կինը ըլլար:
Ալեքսանդր Շիրվանզադէի (Ալեքսանդր Մովսէսեան, 1858-1955) 1916-ին գրած «Ազգային գործիչը» խորագրեալ այս թատերախաղը իր ներկայացուցած տիպարներով ու անոնց մտածելակերպով կարծէք կը ցոլացնէ մեր օրերուն տակաւին քիչ մը ամէն տեղ (հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ) տիրող նիւթապաշտ, մակերեսային մտածողութեամբ տուայտող կարգ մը հայ ունեւորներու հոգեվիճակը, ուր դրամը կը գերիշխէ ամէն արժանիքի ու կ՛օգտագործուի ի սպաս ազգային բարձր դիրքերու հասնիլ փորձողներու մարմաջներուն:
Բազմանդամ Բուռնութեանց ընտանիքի երեք մանչերը` Մատթէոս (Յարութ Սամոյեան), Գրիգոր (Յարութ Թորոսեան) եւ Գէորգ (Վիգէն Քէօշկերեան) որոշ չափով կը յիշեցնեն դրամէն շլացած արդի հայ երիտասարդութեան որոշ մէկ մասը, որուն նիւթապաշտ մօտեցումի առանցքը կը կազմէ` հօրմէն, Միքայէլէն իրենց կտակուելիք ժառանգութիւնը, որ չափանիշ է հայրը իբրեւ հայր յարգելու եւ արժեւորելու ախտավարակ, նիւթապաշտ մօտեցումին:
Տարբեր չէ երկու դուստրերուն` Հմայիլի (Արփի Աւետիքեան) եւ Մարիամի (Քրիստինա Սրապոնեան) վարուելակերպը:
Ջարդերու տխուր ու ցաւալի մթնոլորտը յուշող «Տլէ եաման»-ի նուագով վերսկսած երկրորդ արարը կը յիշեցնէ նոյնքան տխուր ու ցաւալի եւ մտահոգիչ արդի հոգեվիճակը, որ կը տիրէ կարգ մը պատեհապաշտ հայերու մօտ, որոնք ոչինչէն յանկարծ ազգային «գործիչ» դառնալ կը փափաքին իրենց դրամի ազդեցութեամբ…
Փլուզող այս հոգեբանութեան դիմաց մանչերէն մին` Գէորգը, որուն անունը «արդիականացուելով» Ժորժի վերածուած է, հանդէս կու գայ հայու, իրաւ, խղճամիտ ազգասէր հայու տրամաբանութեամբ` հեգնելով իր հարազատներուն ցուցաբերած պատեհապաշտ մօտեցումը:
Դժբախտաբար, պայմանները փոխուած են, սակայն հոգեվիճակը տակաւին գրեթէ նոյնն է, այն իմաստով, որ եթէ Շիրվանզադէ այսօր ալ ողջ ըլլար, գրեթէ նոյն տրամաբանութեամբ պիտի գրէր իր թատերախաղը:
«Յանցանք չէ, սովորութիւն է», կ՛ըսէ առածը:
Հա՛րկ է այլեւս թօթափել հնամենի, մակերեսային մտածողութիւնը եւ ըլլալ աւելի լուրջ ու մտածել քննական ոճով` հասնելով հայութեան դիմակալած մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման պատասխանատուութեան մակարդակին: Ահա ա՛յս էր եւ է՛ Շիրվանզադէի ու փրոֆ. Ղազանճեանի բեմականացուցած հին ու նոր պատգամը:
Կը մնայ, որ վարձքերնիդ կատար ըսենք ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի միւս անդամներուն` տանտիկին Նազանիին (Մակի Վասիլեան), թատերախաղը արեւմտահայերէնի վերածած Յարութ Գնդունիին, երաժշտական ձեւաւորումը կատարած Կարէն Սահակեանին, տարազներու պատասխանատու Ալիս Աւագեանին, բեմի պատասխանատու Ռիթա Ինճիրքոշեանին ու ձայնի պատասխանատու Գէորգ Նոխուտեանին:
ՍԻԼՎԱ Գ.
