Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպութեամբ` Երիտասարդ Գրողներու Աշակերտական Սեմինարի Ա. Հանդիպում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) «Զաւարեանական էջ»-ի յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 9 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան հայկական վարժարաններու երկրորդական կարգի 14 աշակերտներ:
ԶՈՄ-ի կազմակերպած երիտասարդ գրողներու աշակերտական այս սեմինարին անդրանիկ հանդիպումին ընթացքին նախ եւ առաջ ներկայացուեցաւ սեմինարին ծրագիրը, որմէ ետք խօսք առաւ «Բագին» ամսագիրի խմբագիր, հրապարակագիր Յակոբ Պալեան:
Յ. Պալեան շեշտեց, որ գրական կամ յօդուածագրական փորձեր կատարելէ առաջ անհրաժեշտ է շատ ընթերցել եւ լաւապէս տիրապետել մայրենի լեզուին:
Ան ըսաւ, որ գրողը պէտք է պատգամ մը ունենայ փոխանցելիք, ինչպէս նաեւ յարմար բեմ մը գտնէ` իր խօսքը լսելի դարձնելու:
Յ. Պալեան դիտել տուաւ, որ մեր գրագէտները իրենց գրական առաջին փորձերը կատարած են հայկական օրաթերթերու մէջ:
Ան նշեց, որ այս իմաստով անհրաժեշտ է փորձառութիւն ձեռք ձգել եւ չվարանիլ ուրիշին կարծիքը առնելու:
Անդրադառնալով հրապարակագրութեան` ան իր խօսքը փակեց ըսելով, որ մանաւանդ հայ իրականութեան մէջ, ուր ինքնաքննադատութիւնը տարածուած չէ, հրապարակագիրը պէտք է քաջութիւնը ունենայ քննադատելու, որովհետեւ շինիչ քննադատութիւնն է, որ կ՛առաջնորդէ դէպի բարելաւում:
Նշենք, որ «Զաւարեանական էջ»-ի յանձնախումբին կողմէ աւանդութիւն դարձած այս աշակերտական սեմինարը կը նպատակադրէ հայ աշակերտին մօտ արթնցնել հետաքրքրութիւն` հայ գրականութեան, լրագրութեան եւ յօդուածագրութեան նկատմամբ:
Ծրագիրին համաձայն, շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին աշակերտները բաժնուելով երեք տարբեր խմբակներու (լրագրական, յօդուածագրական կամ գրական), պիտի հետեւին յատուկ դասախօսութիւններու եւ վարժութիւններու, որոնցմէ ետք պիտի պատրաստեն իրենց պարբերաթերթը:

