Նախարար Սապունճեան Այցելեց Հիւսիսային Մեթնի Գործարանները
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Հիւսիսային Մեթն, ուր այցելեց այդ շրջանին մէջ բանող գործարանները:
Իր այցելութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը արդէն իսկ լուրջ գործակցութեան մէջ է ուժանիւթի նախարարութեան հետ, որպէսզի մեծ քանակութեամբ ուժանիւթի կարիք ունեցող գործարաններուն համար յատուկ դրութիւն մը մշակուի:
Վ. Սապունճեան շեշտեց նաեւ, որ նախարարութիւնը աշխատած է գործարաններու բանեցման արտօնագիրներ շնորհել, որպէսզի կարելի կարելի ըլլայ երկրին բարգաւաճումն ու առողջ կենսոլորտն ու միջավայրը ապահովել` լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ:
Անդրադառնալով քաղաքական իրադարձութիւններուն` Վ. Սապունճեան ըսաւ, որ նկատի ունենալով ամբողջ շրջանին դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական այս վատթար կացութիւնը, պէտք է ըլլալ առաւելագոյն չափով զգուշ եւ պահպանել երկրին շահերն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնել` ամրապնդելու համար Լիբանանի տնտեսական աճը:
Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ ամօթ չէ տնտեսական աճ արձանագրել տնտեսական միաձուլումի քաղաքականութիւնը որդեգրելով: