Ռայի Պատրիարքը Յորդանանի Մէջ Կը Շարունակէ Հովուապետական Իր Այցելութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  կը շարունակէ Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը:

Մարոնի պատրիարքը յայտնեց, որ Յորդանանը իւրայատուկ է իր բազմազանութեամբ, համերաշխութեամբ եւ աշիրէթական ընտանիքներով: Ան ողջունեց Յորդանանը` հնութիւնները պահպանելու եւ նոր պեղումներ կատարելու անոր յանձնառութեան առումով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ժողովուրդներուն գոյատեւման համար պէտք է պահպանել անոնց պատմութիւնը եւ անցեալը:

Ռայի պատրիարքը այցելեց Յորդանանի Ում Ռասաս շրջանը, որ հնութիւններով հարուստ է եւ ուր վերջերս` պեղումներու իբրեւ արդիւնք գտնուած են շարք մը եկեղեցիներ:

Ռայի պատրիարքը այցելեց Յորդանանի Մար Շարպել եկեղեցին, ուր ցաւ յայտնեց միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ տիրող կացութեան առնչութեամբ` մաղթելով, որ այդ տագնապները լուծուին երկխօսութեամբ` վերջ տալով ամէն տեսակի բռնարարքներու:

Ռայի պատրիարքը «Մելոտի էֆ. էմ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արաբական աշխարհին պատկերը պէտք է խաղաղութեան վրայ հիմնուած ըլլայ եւ ոչ թէ զէնքին եւ կրակին միջեւ կայացած «երկխօսութեան» վրայ:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման` շեշտելով Լիբանանի կրօնական եւ մշակութային պատկանելիութեան բազմազանութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները կարենան միացնել լիբանանցիները եւ ոչ թէ բաժնել զանոնք:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Յորդանան մեկնումէն առաջ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ինքն իր որոշումները կրնայ տալ եւ այդ իմաստով ան ոչ մէկ դեսպանի, նոյնիսկ ամերիկացի դեսպանին կարիքը չունի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES