«Երկաթեայ Բազուկով Պիտի Հարուածենք Լիբանանի Կայունութիւնը Խախտելու Որեւէ Փորձ» Շեշտեց Բանակը

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակը ճիգ պիտի չխնայէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն դէմ պայքարելու նպատակով:

Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ բանակը կը հետեւի Լիբանանի կառավարութեան տուած քաղաքական որոշումին, սակայն ան երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածէ երկրին ապահովական կայունութեան դէմ կատարուած որեւէ փորձ` կանխարգիլելով որեւէ յարանուանական կամ համայնքային բախում:

«Բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` պաշտպանելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Փլամպլի դրուատեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը:

Պատասխանելով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի այն պահանջին, որ Լիբանան պէտք է սրտբաց ընդունի նաեւ սուրիացի զինեալները, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ դէպի Լիբանան սուրիացի զինեալներուն մուտքը արտօնելու պահանջը կտրականապէս մերժելի է: Ան աւելցուց, որ այդ պահանջը սխալ հասցէի ներկայացուած է:

ՆՇԵՆՔ, որ զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 15 յանցագործներ ամբաստանեց դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումի յանցանքով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES