Նախագահ Սարգսեան Պիտի Վերընտրուի Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագահ

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ, պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ այսօր Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան հերթական համագումարը, որուն ընթացքին կուսակցութեան ղեկավար, նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս պիտի գայ հաշուետուութեամբ եւ պիտի ներկայացնէ նախորդ տարիներու ընթացքին Հանրապետական կուսակցութեան կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները: Ան նշեց նաեւ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին մէջ պիտի ըլլան նաեւ նախընտրական շեշտադրումներ:

Հանրապետական կուսակցութիւնը համագումարին ընթացքին պիտի չներկայացնէ իր համամասնական ցուցակը, ինչպէս նաեւ պիտի չհրապարակէ նախընտրական կարգախօսը: Ըստ Յովհաննէս Սահակեանի, ատիկա մարտավարական գաղտնիք է, եւ այդ բոլորը աւելի ուշ պիտի ներկայացուին: Փոխարէնը այսօր տեղի ունենալիք համագումարին ընթացքին իշխող կուսակցութիւնը պիտի ընտրէ նոր գործադիր մարմին մը եւ Հանրապետական կուսակցութեան նոր ղեկավար: Յովհաննէս Սահակեան վստահութիւն յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեան պիտի վերընտրուի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ, յատկապէս որովհետեւ անոր ղեկավարութեան տարիներուն կուսակցութիւնը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է:

«Եթէ մենք նայինք նախագահ Սարգսեանի կատարած աշխատանքներուն եւ գործունէութեան թէ՛ իբրեւ երկրի ղեկավար… եւ թէ՛ Հանրապետական կուսակցութեան համար` իբրեւ զարգացման ժամանակահատուած, ապա մենք կը տեսնենք, որ մեր քաղաքական ուժը կազմակերպչական եւ կուսակցական կառոյցներու աշխուժ գործունէութեան առումով բաւական լուրջ յառաջընթաց ապրած է: Չեմ կարծեր, որ որեւէ խնդիր, դժգոհութիւն կայ, որ մենք պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք այդ հարցը, եւ վստահ եմ, որ երկրին եւ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահը պիտի ընտրուի իբրեւ կուսակցութեան նախագահ», ընդգծեց Սահակեան:

Share this Article
CATEGORIES