Կիւլ Թաքսիմի Հակահայ Ցոյցին Ընթացքին Հնչած Կարգախօսները Ամօթալի Կը Նկատէ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Թունուզ իր կատարած այցելութենէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» նուիրուած հաւաքին:

Ան ըսած է, որ հաւաքին կազմակերպումը ճիշդ կը նկատէ, սակայն ատոր ժամանակ պարզուած պաստառներն ու կարգախօսները` ամօթալի:

«Այդ գրութիւնները ամօթալի էին եւ վիրաւորական: Անիկա Թուրքիոյ չի վայելեր: Այդ ցուցապաստառները պէտք չէր ըլլային: Անոնք տգեղ էին: Դժբախտաբար, այդ տգեղ ցուցապաստառները ցոյցի արժէքն ու ազդեցութիւնը թուլացուցին», ըսած է ան:

Կիւլ անդրադարձած է նաեւ թրքական բանտերուն մէջ պահուող հարիւրէ աւելի լրագրողներու խնդիրին եւ յայտարարած, որ ատիկա Թուրքիոյ վարկին կը վնասէ:

«Ասիկա իմ անձնական տեսակէտս է, սակայն արդարադատութեան նախարարը «պատգամ» տուած է, եւ անոնց խնդիրով շուտով խորհրդարանին օրինագիծ պիտի ներկայացուի», ըսած է Կիւլ:

 

Share this Article
CATEGORIES