Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Անիպալ Զահլէն: Մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:
Վաղը տեղի պիտի ունենայ այլ հետաքրքրական մրցում մը, երբ իրարու դէմ պիտի ճակատին Սաժես եւ Շանվիլ:
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Հուփս – Պըժժէ 16:00 Միշել Մըր
Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ 16:00 Մանարա
ՎԱՂԸ
Սաժես – Շանվիլ 18:00 Ղազիր
Պիպլոս – Մութթահետ 18:00 Պիպլոս
CATEGORIES Մարզական