ԻՍՐԱՅԷԼ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ …

Նաուաֆ Մուսաուի

Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դէմ ծառացող արգելքներուն զուգահեռ, անցեալ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ դրուեցան Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք իսրայէլեան նոր պատերազմի մը հաւանականութիւններուն մասին ակնարկող լուրեր, որոնք հետզհետէ աւելի ստոյգ եւ շօշափելի դարձան այդ մասին ակնարկութիւններ կատարող տեղեկութիւններուն սպրդումով:

Մինչ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անձայն կը գործեն կառավարութիւնը կազմելու նպատակով, ակներեւ է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գործունէութիւնը, որ մէկ կողմէ կը փափաքի հեռու մնալ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններէն, իսկ միւս կողմէ` իր ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպումին, յատկապէս` օտար դիւանագէտներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին, ան կը շեշտէ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծում կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան խորհուրդին` այս ծիրին մէջ օժանդակելու Լիբանանին:

Լիբանանի դէմ իսրայէլեան այս նորագոյն ու կակուղ սպառնալիքները որքան ալ լիբանանցիներուն մտքին մէջ թարմ պահեն Լիբանանի դէմ ցամաքային մեծ ներխուժում մը կատարելու իսրայէլեան ուժերուն սպառնալիքները, անոնց կը յուշեն, թէ այդ յարձակումը կրնայ կատարուիլ նաեւ ծովէն, ուր, ըստ երեւոյթին, Իսրայէլի աչքերը շլացնող քարիւղի հարուստ հանքեր կան:

Բոլոր այս տուեալները նկատի ունենալով եւ Իսրայէլը ճանչնալով` լիբանանցիները չեն բացառեր իսրայէլեան նոր պատերազմի մը կարելիութիւնը կամ հաւանականութիւնը` հաստատ գիտնալով, թէ Իսրայէլ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին աւարտէն անմիջապէս ետք արդէն իսկ անցած է Լիբանանի դէմ այլ պատերազմ մը պատրաստելու աշխատանքներուն:

«Լիբանանեան կեանք»ի այսօրուան էջով կ՛անդրադառնանք պատերազմի հաւանականութեան ակնարկող ամերիկեան եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին մէջ սպրդած տեղեկութիւններուն, այլ խօսքով` իսրայէլեան նորագոյն սպառնալիքներուն:

«ՃԵՐՈՒԶԱԼԵՄ ՓՈՍԹ»

«Ճերուզալեմ Փոսթ»ի կայքէջ

«Ճերուզալեմ Փոսթ» իսրայէլեան օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան բանակը կատարած է շարք մը ռազմափորձեր` առաջքը առնելու համար այնպիսի պատերազմի մը, որ կրնայ բռնկիլ մէկ կամ աւելի ճակատներու վրայ` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:

Ըստ նոյն օրաթերթին, այդ ռազմափորձերուն նպատակն է ամբողջացնել այնպիսի բեմագրութիւն մը, որուն համաձայն, կարելի կ՛ըլլայ ընդգծել, թէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմի մը հաւանականութեան ընթացքին լիբանանեան ինչպիսի՞ ճակատներ կրնան ստեղծուիլ եւ ի՞նչ են այն կարելիութիւնները, որ Սուրիա եւ Համաս եւս մասնակցին այդ պատերազմին:

Իսրայէլեան ռազմափորձերը գլխաւորաբար կեդրոնացան այն իրականութեան վրայ, թէ իսրայէլացի բարձրաստիճան եւ պատասխանատու զինուորականները ինչպիսի՞ որոշումներ պիտի տան, երբ ծայր առնէ լայնածաւալ պատերազմ մը, որուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերը մէկէ աւելի ճակատներու վրայ պիտի ստիպուին կռուիլ:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» շեշտեց, որ իսրայէլեան այս ռազմափորձը առաջինն է, որուն կը հսկէ իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանցը եւ իսրայէլեան սպայից վարժարանէն պատասխանատու զինուորականներ:

Իսրայէլեան բանակի մէկ բանբերը յայտնեց, որ այս ռազմափորձերը ընդհանրապէս մաս կը կազմեն իսրայէլեան բանակի սովորական ռազմափորձերու ծրագիրին եւ անոնք կը ներառեն հետեւակը, օդուժը, ծովուժը եւ այլ ջոկատներ:

Իսրայէլեան ուժեր` կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ, սկսելու համար լայնածաւալ ռազմափորձի

Ռազմափորձերը կը կեդրոնանան նաեւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ ներդաշնակ աշխատանքին` պատերազմի պարագային կարենալ ապահովելու համար անոնց հեզասահ ընթացքն ու յարաբերութիւնը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի «7-րդ»  կայանը հաղորդեց լուրեր, թէ իսրայէլեան ուժերը իրենց բոլոր ստորաբաժանումներով եւ զօրամասերով շաբաթէ մը ի վեր լայնածաւալ ռազմափորձեր կը կատարեն:

Նոյն կայանին համաձայն, այդ ռազմափորձերուն կը մասնակցին նաեւ մեծ թիւով իսրայէլացի սպաներ` իսրայէլեան պահեստի ուժերէն:

Զօր. Պենի Կանց

«7-րդ» կայանը նշեց, թէ ռազմափորձերուն ընթացքին կը կիրարկուին ճակատումի եւ կռուելու նոր մարտավարութիւններ եւ միջոցներ, որոնք որդեգրուած են իսրայէլեան ցամաքային ուժերուն, օդուժին եւ ծովուժին կողմէ: Այդ նոր մարտավարութիւններն ու ձեւերը կը միտին չափել Իսրայէլի կարողութիւնը` նոր պատերազմի մը ընթացքին, ծանր պայմաններու տակ եւ աւելի քան մէկ ճակատի վրայ կռուելու առումով հարկ եղած միջոցառումները գործադրելու նպատակով:

Այս ռազմափորձերուն մասին խօսելով` իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց «7-րդ» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, թէ իսրայէլեան այս ռազմափորձը կը նկատուի աւանդական միջոցառում մը, որ տարեկան դրութեամբ կ՛արձանագրուի, «սակայն այս տարի այդ ռազմափորձը մեծագոյնն է` նկատի ունենալով այն բոլոր ստորաբաժանումները, որոնք կը մասնակցին ռազմափորձին»:

ՄՈՒՍԱՈՒԻ. «ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԷՏՔ Է
ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍՊՐԴԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, թէ պաշտօնական Լիբանանը պէտք է պատասխանէ Իսրայէլի այս սպրդասացութիւններուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանանը հարուածել միտող զինուորական եւ ապահովական կարգ մը ծրագիրներու:

Այս առումով, Լիբանան պէտք է դիմէ քաղաքական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական արշաւի մը, որուն նպատակը պէտք է ըլլայ արգիլել Իսրայէլի կողմէ պատմութեան նենգափոխումը:

«Հարկ է ամբողջ աշխարհին ներկայացնել իրականութիւնները` Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան սպանդներուն եւ պատերազմական ոճիրներուն մասին, որոնք ցեղասպանութիւն կը նկատուին եւ` մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ շեշտել, թէ Լիբանան մնայուն կերպով եղած է իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմներուն զոհը եւ ըստ այնմ պաշտպանած է ինքզինք` որդեգրելով իր անվտանգութիւնը ապահովող յարմարագոյն ձեւը:

Մուսաուի դիտել տուաւ, որ իսրայէլեան այս սպառնալիքները, որոնք կը ներկայանան իբրեւ սպրդած տեղեկութիւններ, պէտք չէ անպատասխան ձգել, այլ միջազգային օրէնքի հիման վրայ պէտք է ձեռնարկել իսրայէլացի քաղաքական եւ զինուորական ոճրագործներուն դէմ հետապնդման արշաւի մը: Ան կոչ ուղղեց արդարութեան նախարարութեան` հարկ եղած զօրակցութիւնը ներկայացնելու լիբանանցի քաղաքացիին, որպէսզի ան կարենայ միջազգային ատեաններուն մէջ իսրայէլացի ոճրագործներուն դէմ դատական հարցեր յարուցել:

«Իր կարգին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է համապատասխան քայլերու նախաձեռնէ` արտերկրի լիբանանցի դեսպաններու միջոցով օտար պետութիւնները իրազեկ պահելու Իսրայէլի գործած ոճիրներուն մասին եւ լուսարձակի տակ առնելու իսրայէլեան պետութեան նորանոր սպառնալիքները: Իսկ տեղեկատուական մակարդակի վրայ նուազագոյն քայլը կարելի է նկատել տեղեկատուութեան նախարարին կողմէ նամակ մը` յղուած այդ սպրդասացութիւնները հրապարակող ամերիկեան օրաթերթին` բացատրելու համար Լիբանանի կեցուածքը եւ այն իրականութիւնը, թէ Լիբանանի դէմ են, որ յարձակումներ կը գործուին, եւ Լիբանանն է, որ զոհ կ՛երթայ իսրայէլեան անարգ ոճիրներուն, եւ իբրեւ այդպիսին, Լիբանան իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու` համապատասխան միջազգային օրէնքներուն լոյսին տակ», ըսաւ Մուսաուի:

Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու նախկին պետը շեշտեց, որ անկախ իսրայէլեան սպառնալիքներուն հետապնդած նպատակներէն, Դիմադրութիւնը անվախ կը մնայ Իսրայէլի հանդէպ, ինչպէս նաեւ քաջ գիտէ, որ երկիրը պաշտպանելու համար ինք իր ուժերուն պէտք է վստահի եւ գոյատեւման պայքար պէտք է մղէ եւ ոչ թէ վստահի միջազգային հանրութեան, որ մնայուն կերպով կողմնակալութիւն կը կատարէ` ի վերջոյ զօրակցելով Իսրայէլի:

Մուսաուի ընդգծեց, որ պէտք չէ տկարանալ, որովհետեւ այդ պարագային միայն Իսրայէլ կ՛արագացնէ իր բռնարարքները եւ անմիջապէս պատերազմ կը շղթայազերծէ Լիբանանի դէմ: «Դիմադրութեան կարողութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով Եգիպտոսի յեղափոխութեան արդիւնքները, յարմար միջոցներ են` ձախողեցնելու համար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակում, ինչպէս նաեւ` չէզոքացնելու այդ յարձակումին հետապնդած քաղաքական եւ զինուորական նպատակները», շեշտեց ան:

Վերոնշեալ այս կարիքները նշելու շրջագիծին մէջ Նաուաֆ Մուսաուի ընդգծեց նաեւ հզօր կառավարութիւն մը ունենալու Լիբանանի կարիքը: Ան շեշտեց, թէ լիբանանեան ներքին եւ արտաքին այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար երկիրը կարիքը ունի այնպիսի կառավարութեան մը, որ ազգային եւ խորհրդարանական հզօր հիմերու վրայ դրուած է եւ կրնայ փրկել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:

«Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ հզօր կառավարութիւն մը, որ կրնայ վերջ տալ ամերիկեան ճնշումներուն` ըլլան անոնք դիւանագիտական թէ ապահովական, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, որ պէտք է հետեւողական աշխատանքի վերածուի», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի դէմ յուլիսեան պատերազմի ժամանակաշրջանին վերաբերող «Ուիքիլիքս»ի բացայայտումներուն` Նաուաֆ Մուսաուի դիտել տուաւ, որ հրապարակուած այդ տեղեկութիւններուն նկատմամբ կարելի չէ աչք փակել, յատկապէս նկատի ունենալով կարգ մը քաղաքական ուժերուն կողմէ Լիբանանի եւ Դիմադրութեան դէմ ցուցաբերուած վարուելակերպը, որ կը մղէր այդ ուժերը գործակցելու Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ:

««Ուիքիլիքս»ի այս փաստաթուղթերը կը հաստատեն, թէ ամերիկեան վարչակազմին հետ գործակցող լիբանանեան ներքին քաղաքական ուժերուն դաւադրութիւններուն մասին խօսքերը օդին մէջ արձակուած դաւադրութիւններ չեն, այլ անոնք շօշափելի փաստեր են, որոնք տակաւին ընթացքի մէջ են: Ոմանք տակաւին պատրաստ են իրենց ազգին եւ երկրին դէմ սադրանքներ նախապատրաստելու` ի խնդիր իրենց անձնական շահերուն. դժբախտաբար սակայն անոնք կը գործեն ազատութեան եւ գերիշխանութեան կարգախօսին տակ: «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերը հաստատեցին, որ իրենք զիրենք ազատութիւն կերտած յեղափոխականներ որակողները Լիբանանի ապահովութիւնը եւ լիբանանցիներու նահատակներուն արիւնը դաւադրութեան ենթարկած քաղաքացիներ են», շեշտեց Մուսաուի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան հաւանական որեւէ պատերազմի պարագային այդ իրողութիւնները նկատի պիտի առնուին, եւ ոչ ոքի առիթ պիտի տրուի Դիմադրութեան առանցքին դէմ` Իսրայէլի շահերուն ի խնդիր գործող ամերիկեան վարչակազմին հետապնդած քաղաքական եւ զինուորական նպատակները իրագործելու:

ՖԱՐԵՍ. «ԺԻՀԱՏԻ ՈՒՂԻՈՎ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ ՊԱՂԵՍՏԻՆ»

Մարուան Ֆարես

Այս ծիրին մէջ Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ դէպի Պաղեստին առաջնորդող ճամբան ժիհատի կամ Դիմադրութեան ուղին է եւ ոչ` այլ ուղիներ:

«Ինչպէս Լիբանանի պարագային ականատես դարձած ենք, թէ միջազգային բանաձեւերը կամ որոշումները չեն, որոնք հողերը կ՛ազատագրեն, այլ` Դիմադրութեան կողմէ տրուած որոշումները, ջանքերն ու զոհողութիւնները, նոյնպէս ալ կը հաւատանք, որ դէպի Պաղեստին առաջնորդող ճամբան նոյնն է` Դիմադրութեան ուղին, որ կը միասնականացնէ արաբ ժողովուրդը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ միասնականութիւնը եւս կարեւոր է` հասնելու համար Պաղեստին:

Ֆարես զգուշացուց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան հաւանական յարձակումի վտանգներէն` շեշտելով, որ իսրայէլեան եւ ամերիկեան օրաթերթերն ու այլ հրատարակութիւններ սկսած են հրապարակել այնպիսի յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլա շուրջ 300 դիրք եւ կեդրոն ունի: «Նման տեղեկութիւններ ցուցանիշներ են, թէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ մը սանձազերծելու կը պատրաստուի, սակայն, ինչպէս վերջին պատերազմին, նոյնպէս ալ այսօր ան մեծ պարտութիւն պիտի կրէ, եթէ յանդգնի», ըսաւ Ֆարես:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»
եւ «ՆԱՇՐԱ« ԿԱՅՔԷՋ (www.elnashra.com)

Share this Article
CATEGORIES