ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ՈՒՂԻՆ
Իւրաքանչիւր անգամ, որ հայ ժամանակակից հրապարակագրութիւնը կ՛օժտուի նոր հատորով մը, անկախ բովանդակութենէն, հեղինակի անունէն, շօշափուած եւ արծարծուած թեմաներէն, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ գործող ոեւէ անհատ ամէն բանէ առաջ դրական ընկալումի նախազգացողութիւնը կ՛ունենայ:
Ներկայ պայմաններուն մէջ հայ հրապարակագիրը վճռած է շարունակել երթը: Նահանջի ընդհանուր մթնոլորտը, առարկայական պատճառներով յատկանշուող հիասթափեցնող ընթացքը, սփիւռքահայ իրականութեան տարբեր մարզերու պարզած համայնապատկերը չեն վհատեցուցած զինք` առնելու քայլը: Անհրաժեշտ քայլը: Հայերէնով, արեւմտահայերէնով մանաւա՛նդ` հասնելու ընթերցողին, հանրային կարծիքի ձեւաւորման գործընթացին դերակատար ըլլալու եւ ազնիւ մտածումներ, խորհրդածութիւններ, այժմէական, համամարդկային եւ ազգային խնդիրներու շուրջ հրապարակային քննարկումներու ուղի բանալու:
Այս նախազգացողութենէն շատ աւելի անդին կ՛անցնինք անշուշտ, երբ կը թերթատենք լիբանանահայ համայնքի մէջ արդէն կայացած անուն Հրայր Ճէպէճեանի ստորագրած, Համազգայինի հրատարակչատունէն լոյս տեսած եւ ընթերցող հասարակութեան դատին յանձնուող «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» հատորը:
Այստեղ արդէն ընդգծուած յանձնառութենէն անդին` սփիւռքահայ ազգային քննական մտածողութեան զարգացման նպաստող թղթածրարի մը մասին է խօսքը: Լիբանանահայ կուսակցական եւ յարանուանական մամուլի էջերուն լոյս տեսած հեղինակի ստորագրութիւնը կրող յօդուածներու ճիշդ ծաղկաքաղին, մշակուած հայերէնին, խնամքով կատարուած ընդհանուր աշխատանքին վերաբերող:
Ազգային փիլիսոփայութիւն մը կայ այս գիրքին էջերուն մէջ` յայտնի թէ տողատակի, ուղղակի թէ անուղղակի, որ առանցքային կարմիր թելի մը նման կը մեկնի առաջին էջէն, իր գոյնով կը դրոշմէ իւրաքանչիւր էջը եւ նոյն պայծառութեամբ կը հասնի հատորի աւարտին:
Իբրեւ մարդ, իբրեւ քրիստոնեայ մարդ եւ իբրեւ հայ ու իբրեւ քրիստոնեայ հայ` ապրելու, արարելու, ստեղծագործելու եւ շրջապատը լուսաւորելու փիլիսոփայական մօտեցումներու խմբագրուած ու համադրուած ամբողջութիւն մըն է Ճէպէճեանի հեղինակած հատորը: Հատոր, որ չի սահմանափակուիր միայն երեսնամեայ գործունէութեամբ շահուած վաստակի սահմաններուն մէջ, այլ կը գլէ կ՛անցնի ժամանակի սահմանները, պարզ այն պատճառով, որ կը խօսի անժամանցելի արժէքային համակարգի մը մասին, որուն արմատները կու գան դարերէն, եւ որոնց թելադրանքները կը նային յառաջիկայ դարերուն:
Գործը, սակայն, թեմաները, երեւոյթներն ու դիպաշարը աւելի քան ժամանակակից են: Եւ այստեղ է Հրայր Ճէպէճեանի արձանագրած հրապարակագրական յաջողութիւնը: Մեր անմիջականութեան մէջ գրանցուած երեւոյթներն ու իրականութիւնները ժամանակի տարածքներուն մէջ տեղադրելով` Ճէպէճեան յաջողած է մասնակիէն հեզասահ անցումներ կատարել դէպի համընդհանուրը, ազգայինէն դէպի համամարդկայինը, նկարագրի լաւ յատկանիշերու մէկ մանրամասնութենէն դէպի քրիստոնէական ընդհանուր արժէքներու համակարգը:
Հրապարակագրական այս արուեստին տիրացումն ու ի յայտ եկած հմտութիւնը որեւէ բռնազբօսիկութիւն չեն պարփակեր իրենց մէջ:
Արուեստական ճիգերով չէ, որ Հրայր առաջնորդուած է թեմաներու ընտրութեան, տրամաբանութեան զարգացման. եւ նշուած երեք ուղղութիւններու չոր առարկայական համադրումով չէ, որ յանգած է եզրակացութիւններու:
Հրայրը անձնապէս ճանչցողները աւելի լաւ պիտի կարենան ըմբռնել, թէ ի՛նչ տարողութեան եռանդ թաքնուած է գիրքին իւրաքանչիւր էջին, տողին ու բառին տակ: Թէ` աշխատանքային որեւէ գործուղում չէ աւարտած առանց հայ մամուլի մէկ ներկայացուցիչին խմբագրատան այցելութեան, առանց ազգային այս կամ այն կառոյցի պատասխանատուներուն հետ ազգային խնդիրներ արծարծող զրոյցներուն: Հեղինակին բարեկամները գիտեն անպայման, որ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնի մէջ, ուր հայկական տարտամ հետքեր եղած են, Հրայր նոյնիսկ երկրորդական կարգ յղած է իր հիմնական աշխատանքին հետ կապուած հանդիպումները եւ առաջնային կարեւորութիւն տուած` հայու բեկորին, հայկական հետքին, հայկական անունին, հանդիպելու, ճանչնալու, կապ պահելու եւ մանաւանդ հայկական մամուլի ճամբով այդ մասին հաղորդելու` հայկական աշխարհին, հայ ընթերցողին:
Յանձնառութիւն է այս մէկը. ազգային, հոգեւոր միութենական դաստիարակութեան արդիւնք, որ յաջողած է Հրայրի հրապարակագրութեան մէջ գտնել այն ոսկի միջինը, որ համակարգած է հոգեւորին առընթեր` ազգայինը, մարդկայինին առընթեր` քրիստոնէականը, աշխատունակութեան հետ նաեւ` աշխատանքին արդիւնքը բաժնելու հոգեկան գոհունակութիւնը:
Նկարագրային եւ կազմաւորման այս գիծերու դէպի հրապարակագրութիւն արտացոլացումը եղած է, ինչպէս ըսուեցաւ, բնական, հեզասահ եւ մանաւանդ հարազատ, ինչ որ Հրայրը ճանչցողներուն համար աւելի դիւրաւ հասկնալի կը դարձնէ անոր յօդուածներուն բուն պատգամը. իսկ հակառակ ուղղութեամբ ալ նախ Հրայրին հրապարակագրութեան ծանօթացողը եւ ետքը անձը ճանչցողը իր դիմաց պիտի գտնէ այդ արժէքներուն հաւատացող հասարակական գործիչը:
Գեղեցիկ այս համատեղումը, որ կատարած է Հրայր գրիչի հարուածներով, ազգային եւ մարդկային փոխկապակցուած հիւսուածքներու ամբողջութիւն մըն է, գեղանկարի տարբերակ մը թերեւս, ուր ազգայինի եւ մարդկայինի գոյները գեղեցիկ երանգներով տեղ-տեղ կը զատորոշուին իրարմէ, յաճախ սակայն զիրար կ՛ամբողջացնեն` առանց որեւէ հակասութեան, միշտ ու միշտ խստապահանջ ընթերցողին մօտ յառաջացնելով ճաշակի իւրօրինակ զգացողութիւն մը: Համաչափութեան զգայուն կշռոյթին ու տարողութեան սահմաններն է, որ պահել գիտցած է Հրայր, երբ ամէն անգամ դրուագ մը լոյսին բերած է եւ սկսած` իր պեղումներուն:
Երանգներու այս միաձուլումն է Հրայրի փիլիսոփայութեան առանցքային գիծը, որուն վրայ կառուցուած է մնացեալը: Արժէքներու համատեղելիութեան խորհուրդն է, որ Հրայր յաջողած է տարբեր շրջագիծերու մէջ տեղաւորել, հիմնաւորել, բացատրել եւ բանալ փակագիծերը: Կարգ մը խորագիրներ պարզապէս կը բացատրեն արժէքներու համատեղելիութեան Հրայրի դաւանած սկզբունքը: Այսպէս. Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը քրիստոնէական եւ ազգային մարտահրաւէր: Հաւասարակշռութեան գործօնը: Քրիստոնէական մշակոյթը եւ ազգային հաւաքական միտքը: Համամարդկային հայը: Քրիստոնեային երկքաղաքացիութիւնը` երկնային ինքնութիւն եւ երկրային ծառայութիւն: Հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւններու եւ յարաբերութիւններու հաւասարակշռութիւն:
Այս խորագիրներուն տակ շարուած հայերէն տառերը կը նշեն արդէն, որ Հրայրը ագուցելու, փոխկապակցելու, համատեղելու իր բնածին արժանիքները յաջողած է վերածել հրապարակագրական արժէքի եւս: Փոխանցելու համար հաւասարակշռութեան գործօնի գերակայութեան սկզբունքը, որուն հետապնդումը, անշեղ հետեւումը մեզ կը կերտեն իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ եւ իբրեւ քրիստոնեայ:
Հաւասարակշռութեան գործօնը ընդգծող գրութիւնները պեղումներ են` հանդիպումներու, զրոյցներու, ընթերցումներու թէ խորհրդածութիւններու ճամբով, որոնք բացատրած են գոյապայքարը, հայուն գոյապայքարը, հայուն գոյապայքարի ճանապարհը: Ճանապարհային քարտէսի տեսակ մըն է ասիկա, որ ի տարբերութիւն այլ քաղաքական շարժառիթներու եւ բուն ճանապարհը կորսնցնել տուող քարտէսներու` ճի՛շդ կը կողմնորոշէ, հաւաքական մեր երթին ճի՛շդ հունաւորում կու տայ:
Ուրկէ եւ ընտրուած է այս հիւսուածքներու ամբողջութեան հատորին խորագիրը: Հայը, որ առաջին հերթին կը շեշտէ աշխատանքին ազգային բնութագիրը: Ապա գոյապայքարը, որ փորձութիւններուն չներքաշուելու, դժուարութիւնները յաղթահարելու լինելութեան կռիւն է. եւ ուղին, որ անշեղ է, որ հիմնուած է մարդկային, քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու վրայ:
Զուտ ենթակայական պատճառներով չէ, որ պահ մը կ՛ուզեմ կանգ առնել «Մամուլին գոյապայքարը» խորագիրը կրող վերլուծութեան վրայ: Այնտեղ, Հրայրին բառերով` «Ներկայ օրերու հրամայականներէն են հաւաքական միտքն ու աշխատանքը: Անկախ միաւորներով ու միաւորներէն անդին` աշխարհը այսօր շատ աւելի կը յենի հաւաքական մտքի ու աշխատանքի վրայ, եւ այս հաւասարապէս անհրաժեշտ գործօնն է ներհայկական-ազգային մեր կեանքերուն մէջ»:
Ներկայ հատորին ոչ միայն նիւթերը, այլ նաեւ տպագրուած թերթերուն հանգամանքներն ու պատկանելիութիւնները, գիրքին մուտքը կազմող վկայութիւնները` Կորիւն արք. Պապեանի, Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի, վեր. դոկտ. Մանուէլ Ճինպաշեանի եւ ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի, կ՛ընդգծեն, որ Հրայր հաւատացած է հաւաքական աշխատանքին: Հատուածներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եւ հինէն եկող հոգեբանական պատնէշներու փլուզումին:
Համագործակցութեան եւ այդ ոգիով տարուած աշխատանքի արդիւնաւէտութեան զինուորագրուած գործիչն է ան: Ժամանակակից աշխարհի պահանջներու հետ քայլ պահելու եւ ներհայկական համագործակցութեան դաշտը ամուր հիմերու վրայ կայացնելու առաջնային խնդիր ունի Հրայր` թէ՛ իր գործունէութեամբ եւ թէ՛ իր հրապարակագրութեամբ:
Ա՛յս ուղին է, որ մատնացոյց կ՛ընէ Հրայր Ճէպէճեանը: Իր կողմնացոյցը հետեւողականօրէն այդ ուղին ցոյց կու տայ: Հայուն գոյապայքարի ուղին,
Որ հարթ չէ անպայման, բայց անշեղ է անկասկած:
Որ երբեմն դժուար տեսանելի է, այսուհանդերձ, ի վերջոյ լուսաւոր:
Որ պարագայաբար փակուղային է, բայց` ընդհանրապէս հեռանկարային:
Այս ա՛յն ուղին է, ուրկէ կը քալեն լաւ մարդիկ, լաւ հայեր, լաւ քրիստոնեաներ: Կողք կողքի:
Ա՛յն ուղին է, ուրկէ, կ՛ենթադրեմ, կ՛ուզենք անցնիլ բոլորս: Հրայր Ճէպէճեանին հետ միասին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ