50 Տարի Առաջ ( 12 մարտ 1962 )

Տոմսեր

Խորհրդային Հանելուկներ

Խորհրդային կեանքի պայմաններուն մասին ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանալու համար ուրիշ դժուարութիւն մըն է նաեւ այն պարագան, որ կարմիր իշխանութիւնները յաճախ կը խուսափին թուանշաններէ եւ կու տան համեմատական պատկերներ միայն:

Այսպէս, «Սովետական Հայաստան» օրաթերթը փետրուար 2-ի թիւով կը հրատարակէ երկարապատում ցանկ մը` Հայաստանի ժողովրդական տնտեսութեան զարգացման մասին, անցեալ տարուան ընթացքին: Կը յիշէ, թէ աւելցեր է ժողովրդական տնտեսութեան մէջ աշխատող բանուորներու եւ ծառաներու թիւը: Աւելցեր է նաեւ առեւտուրի համար տրամադրելի ապրանքներուն քանակը 32.6 միլիոն րուպլիով եւ հասած` 534.3 միլիոն րուպլիի:

Երբ կարգը կու գայ սակայն մանրամասնութեանց, խորհրդային թերթը կը խօսի հանելուկներով, որոնք «տոկոսային թիւեր» կը կոչուին:

Օրինակ, 1960 տարուան բանջարեղէնի արտադրութիւնը հարիւր հաշուելով, իբրեւ պազա (հիմ), 1961-ի արտադրութիւնը եղեր է 91, այսինքն` 9 առ հարիւր պակաս նախորդ տարուան բերքէն:

Իսկ որքա՞ն էր նախորդ բերքը… Ընթերցողին հանելուկն է:

«Թարմ պտուղները եւ բոստանային կուլտուրաները» մնացեր են ճիշդ նոյնը, անցեալ տարուան հարիւրին վրայ: Ոչ մէկ հատիկ պտուղ աւելի, ոչ ալ պակաս:

Հետաքրքրական չէ՞ր գիտնալը, թէ սան «բոստանային կուլտուրա» ըսուածէն մարդ գլուխ որքա՞ն կ՛իյնայ երկրին մէջ: Կամ`  թարմ պտուղներէն, բանջարեղէններէն…

Ընդհանրապէս լաւատեղեակ անձնաւորութիւն մը վերջերս կը պատմէր, թէ Հայաստան մէջ ձերբակալուած «հաւատաւոր էջմիածնական» մաքսանենգի մը հարց կը տրուի դատարանին կողմէ:

– Վերջին անգամ քանի՞ գլխաշոր բերած էիր արտասահմանէն սպեկուլացիայի համար:

«Էջմիածնասէր» մաքսանենգը կը պատասխանէ.

– Եթէ նախորդ ուխտագնացութեանս բերածներուս պազան հարիւր հաշուենք, այս անգամ միայն տասը հատ բերած էի:

– Իսկ նախորդ անգամ քանի՞ հատ բերած էիր, կը հարցնէ դարձեալ ճշգրիտ թիւերու բծախնդիր կարմիր դատաւորը:

– Այս ուխտագնացութեանս բերածէս 90 տոկոս պակաս:

– Դու մեզ ձեռք ես առեր,- կը գոռգոռայ կարմիր դատաւորը, անաղարտ թուանշաններ պիտի տա՞ս, թէ չէ:

– Սակայն, ընկեր դատաւոր կը ճշդէ «ուխտաւորը» ես,- այնպէս թեւեր կու տամ, որ հաւատարիմ ըլլան սովետական մեր պանծալի երկրին ստատիստակայի հաշիւներուն:

Այն ատեն դատաւորը կը հասկնայ, թէ «ախտաւոր» մաքսանենգին բերած գլխաշորը ջնջին բան մը եղած ըլլալու է` հակառակ մեծ համեմատութիւններուն:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Հայ Ժողովուրդին Մշակոյթը
Դարերու
Մէջէն

Ամէնէն Հին Ժամանակներէն Սկսած`
Արուեստի
Զանազան Ճիւղեր
Գոյութիւն
Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ

Անցած փետրուար 24-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Համազգայինի հերթական դասախօսութիւնը: Դասախօսած է Ա. Խաչատուրեան` հայ մանրանկարչութեան մասին:

Նախագահ Պ. Պարսամեան նիւթը ներկայացուցած է հետեւեալ գեղեցիկ խօսքերով.-

Հայ ժողովուրդին մշակոյթը, ըսաւ, զարգացած է նախաքրիստոնէական, այսինքն հեթանոսական շրջանին մէջ: Մեզի հասած են նիւթական բեկորներ, գլխաւորաբար` ճարտարապետական յուշարձաններ, ինչպէս նաեւ` անգիր գրականութիւն եւ հաւատալիքներ, որոնք կը վկայեն, թէ հայկական մշակոյթը բարձր աստիճանի վրայ գտնուած է: Ամէնէն հին ժամանակներէն սկսած, արուեստի զանազան ճիւղեր` արձանագործութիւն, քանդակագործութիւն եւ մանաւանդ ճարտարապետութիւն, գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի մէջ:

Նախաքրիստոնէական Հայաստանի մէջ գրականութեան մասին մենք անմիջական տեղեկութիւններ չունինք: Բայց Մովսէս Խորենացի կը յիշատակէ, թէ կան մեհենական մատեաններ, որոնց մէջ կ՛արձանագրուէին պատմական դէպքերը, իսկ ժողովրդական վէպերն ու երգերը, որոնք Գողթան գաւառին մէջ կը պատմուէին ու կ՛երգուէին, ապացոյց էին, թէ հայ ժողովուրդը զարգացած եւ գեղեցիկ բանահիւսութիւն ունէր:

Հայերէն գրերու գիւտին շնորհիւ` մեր մշակոյթը, մեր գրականութիւնը եւ թարգմանչական գրականութիւնը մեծ յառաջդիմութիւն ունեցան: Եթէ այդ շրջանի հայկական գրականութեան պարծանքը մասնաւորաբար Մովսէս Խորենացին է, ճարտարապետութեան գլուխ գործոցն ալ Զուարթնոց եկեղեցին է:

Այսպէս, յաջորդական դարերուն պատմագիտութիւնը, գեղարուեստական գրականութիւնը` յանձին Նարեկացիի, ինչպէս նաեւ գիտութիւնը, փիլիսոփայութիւնը` յանձին Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի, մեծ յառաջդիմութիւն ունեցած են:

Իսկ Անին ԺԱ. դարուն, ճարտարապետական արուեստի նոր ոճ մը կը մտցնէ: Քանդակագործութիւնը, նկարչութիւնը եւ մասնաւորաբար մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ դեր մը խաղացած են: Փորագիր քանդակներու մեծագոյն մասը կը ներկայացնեն ոչխարի, այծի, կովի, եզի, թռչուններու, զանազան վայրի անասուններու, ինչպէս նաեւ` խաղողի, նռան, տանձի, ցորենի հասկի քանդակներ: Այն, ինչ որ վերջերը մագաղաթի վրայ պիտի պատկերացնէին հայ արուեստագէտները իբրեւ նուրբ մանրանկարչութիւն, նախապէս քանդակուած է քարերու վրայ: Թէ՛ բուն Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Կիլիկիոյ մէջ կը ծաղկի մանրանկարչութիւնը:

Մասնաւոր դպրոցներ կը հիմնուին Կիլիկիոյ, Սանահինի, Խիզանի, Տաթեւի, Գլաձորի եւ ուրիշ տեղերու մէջ: Արդէն ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն մէջ նկարիչ վարպետներ կ՛ունենանք, ինչպէս` Թորոս Ռոսլին, Սարգիս Պիծակ, Մանուէլ եւ ուրիշներ: Մեր հազարաւոր գրչագիրներուն մեծ մասը զարդանկարուած է մանրանկարչութեամբ, որոնցմէ փոքր նմուշ մը ունեցանք վերջին քանի մը տարուան մէջ երկու հատորներով, որոնցմէ մէկը Երեւան, իսկ միւսը Փարիզ լոյս տեսաւ:

Share this Article
CATEGORIES