Արուեստի Աշխարհէն. Մանէ Մը Փրկելու Արշաւ
Բրիտանացիք Ամուր Կերպով Կը Կառչին Իրենց Երկրին Մէջ Գտնուող Արուեստի Գործերու Սեփականութեան: Այժմ Օքսֆորտի Մէջ Թանգարան Մը Կը Պատրաստուի Միլիոնաւոր Տոլարի Գնելու Մանէ Մը: «Պի. Պի. Սի.» Կը Մանրամասնէ.
Օքսֆորտի մէջ Աշմոլիընի թանգարանը ձեռնարկած է ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Էտուար Մանէի մէկ գեղանկարը գնելու արշաւի մը, որպէսզի անիկա դուրս չտարուի Բրիտանիայէն:
«Փորթրեթ աֆ մատըմուազել Քլաուս»-ը գծուած է 1868-ին: Անիկա 1884-էն ի վեր սեփականութիւնն էր արուեստագէտ Ճոն Սինկըր Սարճընթի ընտանիքին եւ ցուցադրուած է միայն մէկ անգամ:
Սարճընթի ընտանիքը օտար անանուն գնորդի մը հետ գոյացուցած է գեղանկարը 28.35 միլիոն սթերլինի վաճառելու համաձայնութիւն մը:
Սակայն Բրիտանիոյ պետութիւնը դիմանկարը երկրէն դուրս հանելու արգելք մը դրած է եւ առիթ տուած է թանգարանին, որ զայն գնէ 7.8 միլիոն սթերլինի, եթէ յաջողի գոյացնել այս գումարը:
Աշմոլիընի թանգարանը պիտի կարենայ այս գինով գնել գեղանկարը, որովհետեւ պետութիւնը հրաժարած է 20.5 միլիոն սթերլինի իր տուրքէն, զոր պիտի պահանջէր` անհատներու միջեւ վաճառքի մը պարագային:
«Գեղանկարը հոյակապ նոր գիտելիքներ կը փոխանցէ արդի արուեստի մեծագոյն վարպետներէն` Էտուար Մանէի ի գործ դրած աշխատանքի ձեւերուն մասին», կ՛ըսէ թանգարանին յայտարարութիւնը:
«Անիկա մեծ յայտնութիւն մը պիտի ըլլայ միաժամանակ հանրութեան համար, ինչպէս նաեւ` Մանէի մասնագէտներուն», կ՛աւելցնէ թանգարանը:
Թանգարանին տնօրէնը` Քրիսթաֆըր Պրաուն կ՛ըսէ. «Ասիկա 19-րդ դարու ամէնէն յատկանշական գեղանկարներէն է, որ այս երկրին մէջ կը գտնուի` արուեստագէտին մահէն ետք վաճառուելէն ի վեր»:
«Եթէ յաջողինք զայն գնել, ապա մէկ հարուածով պիտի կերպարանափոխուի Աշմոլիընի մէջ տպաւորապաշտ գեղանկարչութեան ներկայացումը», կը բացատրէ ան:
Այժմ թանգարանը նիւթական աղբիւրներ կը փնտռէ` դիմելով հանրային մարմիններու, հիմնադրամներու եւ անհատ նուիրատուներու: Անիկա ակնկալուած գումարը պէտք է գոյացենէ մինչեւ օգոստոս:
Դիմանկարը կը պատկերէ Մանէի կնոջ բարեկամուհիներէն` ջութակահար Ֆենի Քլաուսը: Անիկա նախապատրաստական ուսումնասիրական նկարներէն մէկն էր «Լը պալքոն» գեղանկարին, որ այժմ կը ցուցադրուի Փարիզի Միւզէ տ՛Օրսէյի մէջ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ -ՍՐԱՊԵԱՆ



