Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստի Գործ Մը Փրկուած Է. Սակայն Կ՛Արժէ՞ր Փրկել Զայն

Թիշընի «Տայանա էնտ Քալլիսթօ» գեղանկարը (մանրամասնութիւն) Սատըրլենտի դուքսին սեփականութիւնն էր...

Բրիտանացիք 45 Միլիոն Սթերլին Վճարած Են Բրիտանիոյ Մէջ Պահելու Համար Թիշընի Մէկ Գլուխ Գործոցը:  Սակայն Տնտեսական Տագնապի Այս Օրերուն Գեղանկարի Մը Համար Նման Հսկայական Գումար Մը Ծախսելը Զարմանք Պատճառած Է Շատերուն: Ոմանք Կը Մտածեն, Թէ Արդեօք Պէտք Չէ՞ր Պարզապէս Հրաժարիլ Գեղանկարէն: Ուրիշներ Հարց Կու Տան, Թէ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Որոշել Արուեստի Որեւէ Գործի Մը Արժէքը, Երբ Անոր Գինը Կախեալ Է Շահարկողներէն: Վենետիկցի Գեղանկարիչ Մը, Հռոմէական Աստուածուհիի Մը Պատկերը, Սպանիոյ Թագաւորին Ուղարկուած  Նուէր Մը… Նման Պատմութիւն Մը Կրող Գեղանկար Մը Բրիտանիոյ Մէջ Պահելու Ճիգը Ինքնին Անհեթեթ Կը Թուի Անոնց, Որոնք Կը Հաւատան, Թէ Զայն Պէտք Էր Վերադարձնել Իտալիոյ: Անդին` Սկեպտիկներ Հանրութեան Ուշադրութիւնը Կը Հրաւիրեն Գեղանկարը Գնելու Թաքուն Դրդապատճառի Մը Վրայ. Հաւանաբար Դուքսը Ստիպուած Էր Վաճառել Գեղանկարը` Փրկելու Համար Իր Ընտանեկան Ժառանգութիւնը Կամ` Վճարելու Իր Տուրքերը: Միւս Կողմէ` Արուեստի Սիրահարներ Կը Զգուշացնեն Նման Ստորագնահատումներէ Եւ Կը Յորդորեն Վայելել Հին Վարպետի Մը Ստեղծած Գեղեցկութիւնը: Յայտնապէս Կասկածի Տակ Կարելի Չէ Առնել Միայն Անհատ Նուիրատուներուն Առատաձեռնութիւնն Ու Անկեղծութիւնը: «Տի Ինտիփենտընթ» Եւ «Պի. Պի. Սի.» Կը Ներկայացնեն Խնդրայարոյց Վաճառքին Ծալքերը:

... Նոյնպէս` «Տայանա էնտ Աքթէոն»-ը:

Երկիր մը Թիշընէն քանի՞ գործերու կարիքը ունի. ո՛չ մէկ թիւ բաւարար է, կ՛ըսէր Բրիտանիոյ Ազգային պատկերասրահին տնօրէնը, 45 միլիոն սթերլինի առիւծի բաժին մը խլելով պահեստի իր գումարներէն` գլուխ գործոց մը եւս աւելցնելու համար պատկերասրահին հաւաքածոյին մէջ: Սակայն, մինչ «Տայանա էնտ Քալլիսթօ» գեղանկարը իր 50 միլիոն սթերլին արժողութեամբ ընկերակիցին` «Տայանա էնտ Աքթէոն» գեղանկարին հետ վերամիացնելու յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է Ազգային պատկերասրահին, անդին` տնտեսական ներկայ կոճկուած պայմաններուն մէջ փորձաքարի կը զարնուի այն համոզումը, թէ` «պէտք է փրկել իւրաքանչիւր գլուխ գործոց, որպէսզի անիկա մնայ երկրին մէջ»:

Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահը կ՛ընդունի, թէ պահեստի իր գումարները այժմ շատ նօսրացած են եւ իր արկղերը պարպուած են` իբրեւ հանրութեան սեփականութիւնը պահպանելու համար իտալացի Վերածնունդի գեղանկարիչին մէկ գլուխ գործոցը: Միւս գլուխ գործոցը` «Տայանա էնտ Աքթէոն»ը գնուած էր երեք տարի առաջ, հանրութեան ուղղուած հանգանակութեան կոչէ մը ետք:

Պահեստի Գումարներ` Սպառած

Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահը եւ Էտինպարայի մէջ Սկովտիոյ Ազգային պատկերասրահները պիտի բաժնեկցին Թիշընի 16-րդ դարու այս գեղանկարները: Այս համաձայնութիւնը գոյացած է, երբ Սատըրլենտի դուքսը երկու գեղանկարները առաջարկած է Բրիտանիոյ պետութեան եւ ի վերջոյ յօժարած է 5 միլիոն սթերլին զեղչել «Տայան էնտ Քալլիսթօ» գեղանկարին գինէն: Սկովտիոյ պետութիւնը, որ 12.5 միլիոն սթերլին վճարած էր 2009-ին` ընդառաջելով «Տայան էնտ Աքթէոն» գեղանկարը գնելու հանգանակութեան կոչին, այս անգամ յստակօրէն յայտարարած էր, թէ պատրաստ չէր նիւթական յաւելեալ մասնակցութիւն ցուցաբերելու: Երկու հաստատութիւնները երկրորդ գեղանկարը գնելու պայմանաժամ ստացած էին մինչեւ 2011-ի աւարտը, սակայն վերջնաժամկէտը յետաձգուած էր մինչեւ մարտ 31:

Ներկայ մթնոլորտին մէջ դարձեալ 50 միլիոն սթերլինի գումար մը գոյացնելը դիւրին չէր: Ի տարբերութիւն «Տայանա էնտ Աքթէոն» գեղանկարը երկրին մէջ պահելու արշաւին, այս անգամ երկու պատկերասրահները մերժած էին դիմել պետական յատկացումներու կամ հանրային օգնութեան` գնելու համար երկրորդ գեղանկարը:

Եզրակացնելով, թէ հանրութեան ուղղուած հանգանակութեան կոչ մը անյարմար էր տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ, Ազգային պատկերասրահը պարտաւորուած էր օգտագործել պահեստի մեծ գումարներ` գնելու համար «Տայանա էնտ Քալլիսթօ»-ն: Մինչ շատեր համոզուած էին, թէ նիւթական աղբիւրներ գոյութիւն չունէին, անդին` պատկերասրահին խնամակալութիւնը համաձայն գտնուած էր 25 միլիոն սթերլին տրամադրել 32 միլիոն սթերլինի այն գումարէն, որ գոյացած էր վերջին հարիւր տարիներուն, ժողովուրդին կողմէ պատկերասրահին իբրեւ ժառանգ փոխանցուած 67 կտակներով: «Տի արթ ֆանտ»-ը յատկացուցած էր 2 միլիոն սթերլին, «Հերիթէյճ լոթըրի ֆանտ»-ը` 3 միլիոն: Անանուն նուիրատուներու եւ հիմնադրամներու կողմէ յատկացուած յաւելեալ15 միլիոն սթերլինով գոյացած գումարը մօտեցած էր դուքսին պահանջած գինին: Այնուհետեւ ան յօժարած էր զեղչել մնացեալ 5 միլիոն սթերլինը եւ ընդունիլ իրեն առաջարկուած 45 միլիոնը:

Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Նիքըլըս Փենիի համաձայն, «գոյութիւն չունի հին վարպետներու աւելի հզօր գեղանկարներու զոյգ մը, զոր կ՛արժէր գնել` պահելու համար երկրին մէջ»: Սակայն ան կ՛ընդունի, թէ այս գնումին պատճառով «սպառած են պահեստի յայտնապէս տրամադրելի բոլոր գումարները»:

«Հիմնովին պարպեցինք մեր պահեստները` այս գեղանկարը գնելու համար: Նախապէս գործածած ենք այս պահեստները, սակայն երբեք` այս տարողութեամբ, եւ երբեւիցէ Ազգային պատկերասրահը այսքան հսկայական գումար չէ վճարած` արուեստի գործ մը գնելու համար», ըսած է ան:

Պատկերասրահին 32 միլիոն սթերլինի պահեստին մէջ «շատ քիչ» գումար մնացած է ապագայ գնումներու համար, որովհետեւ ինչ որ կայ, արդէն յատկացուած է յատուկ նպատակներու, ինչպէս` կրթութեան:

Երբ Ազգային պատկերասրահին հաւաքածոյին արդէն մաս կը կազմեն Թիշընէն 20 գեղանկարներ, արդեօք այս հաստատութիւնը իրապէս կարիքը ունէ՞ր այսքան մեծ գումար ծախսելու` Թիշընի նման օտար գեղանկարիչէ մը գեղանկար մը եւս ունենալու համար, որքան ալ իւրայատուկ գործ մը ըլլար անիկա:

Փեննի կը նախատեսէր նման հարցադրում մը:

«Ասիկա կը նմանի ըսելու` Շէյքսփիրէն թատերախաղ մը ունինք արդէն, արդեօք կարիքը ունի՞նք այլ թատերախաղերու: Չեմ գիտեր` կարելի՞ է ունենալ Թիշընէն աւելորդ գործեր»:

«Եթէ հարց տայինք Կէյնսպորոյի, Թըռնըրի եւ Քոնսթըպըլի նման բրիտանացի գեղանկարիչներու, անոնք ոչ միայն պիտի զգային, թէ ասիկա յատկանշական օր մըն էր, այլ նաեւ պիտի ընդունէին, թէ իրենք արուեստագէտ պիտի չդառնային, եթէ գոյութիւն չունենար Թիշըն», կը պատասախանէ ան:

«Շատ Յարմար Գին Մը»

Խնդրոյ առարկայ իւղանկարը կը պատկերէ որսորդութեան աստուածուհի Տայանան`  Ճուպիթըրէն յղացած Քալիսթօ յաւերժահարսը վտարելու պահուն: Մասնագէտներու համաձայն, անիկա ինքնին շատ յարմար գինով գնուած է: Շուկայի վրայ գեղանկարին արժէքը կը գնահատուի առնուազն կրկնապատիկ գինով, եթէ ոչ` երկու երրորդ:

«Հսկայական կը թուի 45 միլիոն սթերլինի գումար մը, սակայն հին վարպետներու գործերուն շուկայի գիները շատ աւելի են: Այս երկու գլուխ գործոցները միշտ ալ կոչուած են կողք-կողքի ցուցադրուելու,- կ՛ըսէ Փեննի:- Աւելի քան 100 տարի անոնք նկատուած են Բրիտանիոյ սեփական հաւաքածոներուն մաս կազմող ամէնէն հռչակաւոր գործերը»:

«Տնտեսական ճգնաժամի այս օրերուն յաջողեցանք այս գեղանկարները ապահովել հանրութեան համար` շնորհիւ տասնամեակներէ ի վեր այս հաստատութիւններուն վայելած վարկին եւ համակրանքին», կ՛աւելցնէ Փեննի:

Սոթպի՛զ աճուրդի վաճառատան արուեստի գործերու ցուցադրութեան նախկին պատասխանատու եւ գլխաւոր ներկայացուցիչ Լորտ Կաուրի կը հաստատէ, թէ` «վճարուած գումարը հսկայական կը թուի, սակայն շատ յարմար գին մըն է Թիշընի լաւագոյն գործերէն մէկուն համար»:

Սատըրլենտի դուքսը իր ուրախութիւնը յայտնած է, որ` «այս երկու գլուխ գործոցները միասին պիտի մնան, այնպէս` ինչպէս միասին մնացած են 1556-ին եւ 1559-ին իրենց գծուած օրէն ի վեր, եւ պիտի ցուցադրուին Բրիտանիոյ հանրութեան համար»: «Կը շնորհաւորեմ երկու պատկերասրահներուն յաջողութիւնը», ըսած է ան:

Սակայն արդեօք դուքսը իրապէ՞ս վաճառքի պիտի դնէր երկու գեղանկարները, եթէ չստանար 95 միլիոն սթերլինի գումարը, թէ` այս բոլորը կեղծ ինքնավստահութեան վրայ հիմնուած ձեւակերպութիւն մը կամ խաղ մըն էր: «Դուքսը չէ ըսած, թէ պիտի վաճառէր այս գեղանկարները, այլ ըսած էր, թէ պէտք էր այսքան գումար գոյացնել` գնելու համար զանոնք», կը լուսաբանէ Փեննի:

Սկովտիոյ պատկերասրահներու ընդհանուր տնօրէն Ճոն Լայթընի համաձայն, «շատ իրական էր» այն մտավախութիւնը, թէ կարելի պիտի չըլլար գոյացնել պահանջուած գումարը, եւ թէ` գեղանկարը կրնար վաճառուիլ արտասահմանի մէջ:

«Սկովտիոյ մէջ մեզի համար ասիկա միշտ ալ եղած է արուեստի հաւաքածոներու սեփականութեան մէջ մեր առաջնակարգ դիրքը պաշտպանելու եւ Եւրոպայի մեծագոյն արուեստի պատկերասրահներէն մէկը պահպանելու պայքար մը», կ՛ըսէ ան:

«Այսուհետեւ այս հրաշալի գեղանկարները կը պատկանին Բրիտանիոյ հանրութեան, եւ շատ խանդավառ ենք, որ անոնք տրամադրելի պիտի դառնան իրերայաջորդ սերունդներու, իբրեւ վայելքի, կրթութեան եւ ներշնչման աղբիւր», կ՛աւելցնէ ան:

Հզօր Պահեր` Գեղանկարչութեան
Պատմութեան Մէջ

Գեղանկարին սեփականութիւնը շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի Սկովտիոյ Ազգային պատկերասրահներուն համար եւ առիթ կու տայ, որ վերջին 200 տարիներուն Բրիտանիոյ մէջ գրեթէ մնայուն կերպով ցուցադրուած Պրիճուոթըրի հաւաքածոն պահպանուի Սկովտիոյ Ազգային պատկերասրահներուն մէջ: Պրիճուոթըրի հաւաքածոն, որ դարձեալ Սատըրլենտի դուքսին սեփականութիւնն է, կը բաղկանայ Ռաֆայելի, Թիշընի, Ռամպրանթի եւ Փուսենի գործերէն: Անիկա հին վարպետներու գործերէն բաղկացած աշխարհի մեծագոյն սեփական հաւաքածոն է եւ Էտինպարայի մէջ մնայուն կերպով կը ցուցադրուի 1945-էն ի վեր:

Այսուհանդերձ, Լոնտոնի մէջ արուեստի վաճառական մը` Պենտոր Կրոսվենոր, որ հին վարպետներու մասնագէտ մըն է, հարցականի տակ կ՛առնէ գումարը գոյացնելու համար ի գործ դրուած ճիգերը: «Ինծի համար զարմանալի է, որ «Հերիթէյճ լոթըրի ֆանտ»-ը, որ որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ գումարներ ունի այսօր, միայն 3 միլիոն սթերլինի խղճալի գումար մը յատկացուցած է: Անիկա նոյնքան գումար ծախսած է անցեալ տարի` կեցութեան, նամակներ ուղարկելու եւ գրասենակային իրեր գնելու համար», կ՛ըսէ ան:

Թերեւս ներկայ պայմաններուն մէջ մեծ աղմուկով չի տօնուիր գեղանկարը գնելու յաջողութիւնը, սակայն անիկա յատկանշական իրագործում մըն է երկու պատկերասրահներուն համար:

Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին մէջ արուեստի գործերու ցուցադրութեան աւագ մասնագէտ Քերըլ Փլազոթթա համոզուած է Թիշընի արժէքին: «Նոր գնուած գեղանկարը պատէն կախելը յուզիչ պահ մըն էր,- կ՛ըսէ ան:- Այս երկու գեղանկարները կը խտացնեն ամէնէն հզօր պահերը գեղանկարչութեան ամբողջ պատմութեան մէջ»:

«Պի. Պի. Սի.»ի արուեստի խմբագիր Ուիլ Կոմփըրց կ՛ըսէ, թէ` «շուրջ կէս հազարամեակ այս գործերը միասին մնալէ ետք զանոնք իրարմէ բաժնելը հսկայական կորուստ մը պիտի ըլլար արուեստի պատմութեան դիտանկիւնէն, ինչպէս նաեւ` այս երկու հզօր գեղանկարները վայելելու բրիտանական հանրութեան կարելիութեան»:

«Բրիտանիոյ թանգարաններուն համար «Տայանա էնտ Քալլիսթօ» գեղանկարին երկրէն դուրս տարուիլը համազօր պիտի ըլլար Իտալիայէն Միքելանճելոյի «Դաւիթ»-ին մեկնումին», կ՛աւելցնէ ան:

Հռոմէացի բանաստեղծ Օվիտիոսի բանաստեղծութիւններէն ներշնչուած եւ Սպանիոյ Ֆիլիփ Բ. թագաւորին համար գծուած երկու գեղանկարները պարբերաբար պիտի ցուցադրուին Լոնտոնի եւ Էտինպարայի մէջ:  Յուլիսին «Տայանա էնտ Քալլիսթօ» գեղանկարը «Տայանա էնտ Աքթէոն»ի պիտի միանայ Ազգային պատկերասրահին մէջ, ուր պիտի ցուցադրուի 18 ամիս: Ապա` 2014-ին Բրիտանիոյ Հասարակապետութեան խաղերուն առիթով երկու գեղանկարները ամբողջ տարի մը պիտի ցուցադրուին Սկովտիոյ մէջ:

(Համադրաբար)

Արուեստ` Արուեստի Սիրոյն

Թեքսասի մէջ թանգարան մը Ուեմիսի դուքսին 15 միլիոն սթերլին առաջարկած է` գնելու համար Պոթիչելլիի «Վըրճըն ատորինկ տը սլիփինկ չայլտ» գեղանկարը:

Անանուն նուիրատու մը Լոնտոնի Թէյթ պատկերասրահին տուած է 12.5 միլիոն սթերլին, որպէսզի անիկա գնէ եւ պահէ Ճոշուա Ռէյնըլծի «Փորթրեթ աֆ Օմայի» դիմանկարը, որ կը պատկերէ 1774-ին Բրիտանիա տարուած փոլինեզիացի տղայ մը: Գեղանկարը 10.3 միլիոն սթերլինի վաճառուած էր 2001-ին:

Թըռնըրի 1842-ին իրագործած «Տը պլու Ռիկի» ջրանկարը, որ կը պատկերէ Լիւսեռնի լիճը, 2007-ին վաճառուեցաւ 5.8 միլիոն սթերլինի, ինչ որ մրցանիշ մըն էր ջրանկարի մը համար: Գեղանկարը կարելի եղած էր գնել հանգանակութեան կոչի մը շնորհիւ: Պետութիւնը արգիլած էր զայն դուրս հանել երկրէն:

Քանովայի «Թրի կրէյսըզ» գործը աշխարհի ամէնէն սուղ քանդակն է: 1994-ին Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ թանգարանն ու Սկովտիոյ Ազգային պատկերասրահները զայն միասնաբար գնած են 7.6 միլիոն սթերլինի: Կեթի թանգարանը (Միացեալ Նահանգներ) ձախողած էր քանդակին տիրանալու իրաւական իր հետապնդումներուն մէջ:

 

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ -ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES