Կիլպըրթ Սայմընի Երգահանդէսը` «Տեմոքրաթիք Ռիփապլիք Աֆ Միուզիք»-ի Մէջ

Շաբաթ, 10 մարտի երեկոյեան, «Տի. Ար. Էմ.»-ի մէջ, լիբանանահայ արուեստագէտ Կիլպըրթ Սայմըն իր երկրպագուներուն պարգեւեց երաժշտական բարձրորակ եւ անմոռանալի պահեր:

«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Սթար Աքատեմի» յայտագիրէն մեծ ժողովրդականութիւն շահած այս երիտասարդ արուեստագէտը երաժշտական ասպարէզի իր երթը սկսաւ շատ իւրայատուկ երգահանդէսով մը, որ նուիրուած էր ռոք երաժշտութեան:

«Տի. Ար. Էմ.»-ը լեցուն էր մեծ թիւով հայ եւ օտար երաժիշտներով, ռոք էնտ ռոլ երաժշտութեան սիրահարներով եւ լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներով:

Երգահանդէսի նախօրեակին «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Կիլպըրթ Սայմըն յայտնեց, որ 10 տարիէ ի վեր կը պատրաստուի այս ելոյթին, եւ իրեն ընկերակցող երաժիշտները, որոնք ելոյթ ունեցան իրեն հետ, իր ճամբորդութիւններու ընթացքին ծանօթացած ընկերներն են, որոնք նեցուկ կանգնած եւ քաջալերած են զինք` ճանչնալով եւ տեսնելով անոր տաղանդն ու կարողութիւնները:

«Այս երգահանդէսը իմ արկածախնդրութիւններուս եւ երաժշտական ասպարէզիս ճանապարհին, երազներուս եւ փափաքներուս ամբողջութիւնը կը կազմէ: Հոսկէ սկիզբ կ՛առնէ յաջորդ հանգրուանը», ըսաւ ան:

Յայտնենք, որ այս երգահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ երիտասարդաց երգչախումբը, ինչ որ Կիլպըրթի համար մեծ նշանակութիւն ունէր:

Խօսելով յայտագիրին մասին` Կիլպըրթ յայտնեց, թէ երբեք դժուարութիւն չէ ունեցած երգերը ընտրելու, որովհետեւ գիտէր, թէ ի՛նչ պիտի երգէ` նկատի ունենալով, որ այս երգահանդէսը Կիլպըրթի համար երկար տարիներու երազի իրականացումն է: Կիլպըրթ Սայմըն բեմ բարձրացաւ 8 հոգիէ բաղկացած նուագախումբով, իսկ երգացանկը կը բաղկանար ռոք ոճի ծանօթ երգերէ: Ան նաեւ ներկաներուն հրամցուց իր յօրինածներէն 5 երգեր` արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին:

Այս ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին օտար երաժիշտներ Յորդանանէն, Կիպրոսէն, Իրլանտայէն եւ այ երկիրներէ` ներկայացնելով ռոք ոճի աշխարհահռչակ երգեր եւ ներկաներուն մօտ արթնցնելով լաւ յիշատակներ:

Յայտնենք նաեւ, որ Կիլպըրթի հայրը եւս երաժիշտ է եւ այդ օրը ինք եւս ելոյթ ունեցաւ իր զաւկին հետ, ինչպէս նաեւ հարուածային գործիքներու վրայ ընկերակցեցաւ Կիլպըրթի:

Կիլպըրթ Սայմըն 21 երգ երգեց եւ վերջընթեր երգը, զոր դարձեալ ռոք ոճով ինք յօրինած էր, նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան: Անոր աւարտին հնչեց «Տէր Ողորմեան»-ն` Հայ երիտասարդաց երգչախումբին ընկերակցութեամբ: Անոնք իրենց ձեռքերուն ունէին` մոմեր յատուկ խորհրդաւորութիւն մը ստեղծելով երաժշտութեան հետ:

Կիլպըրթ Սայմընի այս երգահանդէսը ամբողջութեամբ նկարահանուեցաւ եւ մօտիկ ապագային հրապարակ պիտի իջնէ «Տի. Վի. Տի.»-ի եւ ձայնասկաւառակի տեսքով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES