Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արթուր Ալեքսանեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Արթուր Ալեքսանեան

Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին սքանչելի ելոյթ ունենալով, երիտասարդ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան 96 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Եւրոպայի նախորդ ախոյեանութեան փոխախոյեան հանդիսացած Ալեքսանեան այս անգամ տիրացաւ ոսկի մետալին` աւարտականին յաղթելէ ետք Լաթվիոյ ներկայացուցիչ Մինթաուքաս Էզերսքիին:

Հայաստանի մէջ այլ ներկայացուցիչը` Եուրի Պատրիկէեւ (120 քկ) տիրացաւ պրոնզէ մետալին, մինչ Ռոման Ամոյեան (55 քկ) եւ Արթուր Մկրտչեան (60 քկ) այդքան ալ տպաւորիչ արդիւնքներ չկրցան արձանագրել:

Share this Article
CATEGORIES