Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անթունիէ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շանվիլ` 61-56
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումին, այսօր ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Անթունիէն: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:30-ին:
ԱՂՋԿԱՆՑ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս երկարաձգումէն ետք 61-56 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլի: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-8, 9-13, 12-11 եւ 15-17: Այսպիսով, չորս քորթըրներուն արդիւնքը տուաւ 49-49 հաւասարութիւն: Երկարաձգումին ՀՄԸՄ արձանագրեց 12-7 արդիւնք մը:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լէյլա Ֆարես (18 կէտ), ապա` Նաթալի Սվաճեան (16) եւ Սուլա Աբրամեան (1):
ՏՂՈՑ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ էյթի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Հուփս – Պըժժէ 62-77
Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ 92-99
Սաժես Պէյրութ – Շանվիլ 60-69
Պիպլոս – Մութթահետ Թրիփոլի 74-79