Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Սաքաֆի Շըհիմի
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 10 մարտին սկսան Լեռնալիբանանի նահանգի ճակատումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը յաղթանակով սկսաւ իր մրցումները, երբ Հըրշ Պէյրութի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքաֆի Շըհիմը:
Հակառակ անոր որ մրցակից կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն ՀՄԸՄ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Յարութ Մումջողլեանի (44-րդ): Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
65-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ նշանակեց իր յաղթանակի կոլը` շնորհիւ Աւօ Տոմպուրեանի:
Թէեւ մրցակից փորձեց նշանակել իր յաղթանակի կոլը, սակայն ՀՄԸՄ-ի տղաքը ատոր արգելք հանդիսանալով արձանագրեցին իրենց առաջին յաղթանակը:
CATEGORIES Մարզական


