«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Աշակերտական Մրցանքը Սկսաւ Մեծ Խանդավառութեամբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ 2009-ին կեանքի կոչուած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական տարեկան մրցանակը դարձեալ ի մի խմբեց լիբանանահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները: Շաբաթ, 10 մարտ 2012-ի յետմիջօրէին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի բակը կ՛եռար մրցակից աշակերտներու եւ զիրենք առաջնորդած ուսուցիչներու ներկայութեամբ:

Երրորդ տարին ըլլալով հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան նկատմամբ իրենց ունեցած սէրը, գիտելիքներն ու նուիրումը գործնապէս ապացուցելու համար եկած էին բոլորը: 16 միջնակարգ եւ 12 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններու 54 ներկայացուցիչներու դէմքերուն վրայ այդ օր տարբեր ժպիտ կար® Մեծասքանչն ու հայ գրականութիւնը կը ճառագայթէին իւրայատուկ գրաւչութեամբ եւ կը յուշէին լռելեայն, որ հակառակ զանազան տեսակի խոչընդոտներու, մեսրոպակերտ հայ դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` լիբանանահայ նորահաս սերունդներուն հայակերտումի մեր հաւաքական ճիգերուն տալով վերանորոգ ուժականութիւն եւ նպատակասլաց երթ:

Նշենք, որ հայ լեզուի եւ հայ գրականութեան մրցանքի դատական կազմի անդամներն են տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Պէպօ Սիմոնեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ Եղիշէ Ծ. վրդ. Մանճիկեան:

Մրցանքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար «Ազդակ»-ի թղթակիցը հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտութեան եւ կրթական հարցերու գրասենեակի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեանին հետ, որ նշեց, թէ մասնակից աշակերտներուն մօտ կայ համապատասխան լրջութիւն եւ մեծ խանդավառութիւն:

Ան ըսաւ, որ մրցանքին նպատակն է աշակերտներուն մօտ հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի եւ եկեղեցւոյ, կրօնագիտութեան նկատմամբ յառաջացնել սէր եւ հետաքրքրութիւն, գուրգուրանք, ինչպէս նաեւ նիւթապէս եւ բարոյապէս գնահատել մրցանակակիրները, որպէսզի երբ անոնք դպրոցը աւարտեն, կապուած մնան իրենց արժէքներուն ու զարգացնեն իրենց գիտելիքները բազմապիսի միջոցներով:

Կիրակոսեան յայտնեց, որ մրցանքը արդէն աւանդութեան վերածուած է, եւ հիմնական դժուարութիւններ գոյութիւն չունին, որովհետեւ դպրոցները լաւապէս գիտեն, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի ընթանան աշխատանքները: Ան աւելցուց, որ մրցանքի դատական կազմի իւրաքանչիւր անդամ կը սրբագրէ թերթիկները եւ ընդհանուրին գումարը կը հանդիսանայ արդիւնքը, որպէսզի ամէն ինչ ունենայ թափանցիկ ընթացք:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթ օրը, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կրօնագիտութեան նիւթերուն նուիրուած մրցումը:

Share this Article
CATEGORIES