Պարտաւորեցնող Արձագանգումներ
«Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 85-ամեակին յատկացուած մեր յատուկ հրատարակութեան բովանդակութեան մեր կայքէջին վրայ տեղադրումը բաւարար եղաւ, որ մինչեւ երէկ երեկոյ շարունակուին «Ազդակ»-ին յղուած շնորհաւորական ելեկտրոնային նամակներն ու ֆեյսպուքեան արձագանգները: Երէկ երեկոյեան դրութեամբ արդէն «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը շնորհաւորած էին եւ ընկերային ցանցերով այդ շնորհաւորանքներուն արձագանգած 1164 ընթերցող: Ճիշդ է, որ այս պարագային ընթերցող հասկացողութիւնը եւս պէտք է ընկալել արդի հասկացողութեամբ: Անոնց մեծ մասը ոչ թէ տպագիր տարբերակը ստացողներն են, այլ կայքէջի այցելուները եւ մանաւանդ «Ազդակ»-ի «ֆեյսպուք»-ի երեք էջերու բովանդակութեան առօրեայ ծանօթացողները կամ «Թուիթըր»-ի ճամբով «Ազդակ»-ի գէթ հիմնական լուրերու խորագիրներուն հետեւողները:
Կայքէջին առընթեր ընկերային ցանցերը, յայտնաբար, հասանելիութեան անծայրածիր նոր տարածքներ ապահոված են մեր թերթին: Այս դիտարկումին պէտք է աւելցնել նաեւ այն, որ արդէն նման տարածքներու վրայ «Ազդակ»-ը շնորհաւորողներուն նկատառելի համրանքը սփիւռքեան տարբեր երկիրներէն են, մինչ Հայաստանէն մեր նորօրեայ ընթերցողները եւս զգալիօրէն խտացուցած են այդ համրանքը: Վերջապէս, պէտք է նկատել, որ ընկերային ցանցերու ճամբով տարբեր երկիրներէ երիտասարդ ընթերցողներու ուշագրաւ թիւ մը մտածել կու տայ, որ «Ազդակ» պէտք է յատուկ աշխատանք ծրագրէ այդ երիտասարդ խաւը ներգրաւուած պահելու համար եւ տակաւին այդ անհրաժեշտ խաւին ներգրաւուածութիւնը աւելի ընդգրկուն դարձնելու:
Մինչ այդ, բոլոր շնորհաւորողներուն եւ զօրակցողներուն կ՛ուզենք յայտնել, որ իրենց արձագանգումները աննկատ չեն մնացած խմբագրութեան կողմէ, որ իր կարգին արձագանգումներուն այս տարողութիւնը կը նկատէ թերթի աշխատանքները աւելի ծաւալելու իր ընթերցողներէն խմբագրութեան ուղղուած թելադրանք:
«Ա.»

