Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներու Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 18-ի

12-ամեայ պաղեստինցի տղուն հարազատները կը սգան զայն

Կազայի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան օդային հարուածներու իրերայաջորդ երրորդ օրուան ընթացքին 12 տարեկան պաղեստինցի տղայ մը սպաննուեցաւ: Այդպիսով, ուրբաթ օրուընէ ի վեր տեղի ունեցող իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով սպաննուած պաղեստինցիներուն թիւը բարձրացաւ 18-ի: Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ օդային յարձակում մը տեղի ունեցած է, սակայն տղեկին սպանութեան շուրջ քննութիւն կը կատարէ:

Կազայի մէջ պաղեստինցի զինեալ խմբաւորման մը ղեկավարին իսրայէլեան ուժերու կողմէ սպանութեան արարքը պատճառ դարձաւ, որ շրջանը թատերաբեմ դառնայ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր ամէնէն վատ բռնարարքներուն:

Բռնարարքներու մագլցումը պատճառ դարձաւ, որ ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը, Պաղեստինեան իշխանութիւնը եւ Եգիպտոս կոչ ուղղեն զինադադար հաստատելու:

Կազայի մէջ զինեալ խմբաւորումներ իսրայէլեան օդային հարուածներուն համար վրէժ լուծելու համար ուրբաթ օրուընէ ի վեր Հարաւային Իսրայէլի դէմ աւելի քան 100 հրթիռներ արձակած են` պատճառելով վեց վիրաւորներ:

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Հարաւային Իսրայէլի դէմ քանի մը հրթիռ եւս արձակուած է: Ըստ իսրայէլեան բանակին, արձակուած 100 պաղեստինեան հրթիռներէն 25-ը հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի միջոցով վնասազերծուած են: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտարարեց, որ երկրին հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը իր ազդուութիւնը փաստած է` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պիտի հարուածէ բոլոր անոնք, որոնք իսրայէլացի քաղաքացիները թիրախ կը դարձնեն:

 

Share this Article
CATEGORIES