Սարքոզի Կը Սպառնայ Ֆրանսան Շենկենի Գօտիէն Դուրս Բերել
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի երէկ կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու Շենկենի համաձայնագիրը եւ սպառնացած է, որ եթէ այդ համաձայնագիրը լրջօրէն չբարեփոխուի, Ֆրանսան կրնայ դադրեցնել իր մասնակցութիւնը:
«Շենկենի համաձայնագիրը այլեւս չի համապատասխաներ ստեղծուած իրավիճակին: Անիկա պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի: Անհրաժեշտ է կառուցուածքային բարեփոխումներ կատարել, ինչպէս ատիկա կատարուեցաւ եւրոյի պարագային», յայտարարած է Սարքոզի:
Ֆրանսայի նախագահը առաջին անգամը չէ, որ Շենկենի համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու, Շենկենի գօտիի արտաքին սահմաններուն վերահսկողութիւնը խստացնելու եւ ատոր համար յատուկ մեքանիզմներ մշակելու կոչեր ուղղած է:
«Եթէ պարզուի, որ յառաջիկայ 12 ամիսներուն ընթացքին այդ ուղղութեամբ լուրջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, այդ պարագային Ֆրանսան կրնայ համաձայնագիրին իր մասնակցութիւնը դադրեցնել` այնքան ատեն որ բանակցութիւնները տակաւին յաջողութեամբ չեն աւարտիր», սպառնացած է Սարքոզի:


