Հայաշէնի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Ռոստոմի Կիսանդրիի Բացումով

11 մարտը ցնծութեան եւ հպարտութեան օր էր Հայաշէնի եւ հայաշէնցիներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ դաշնակցական ընտանիքին համար, որովհետեւ Հայաշէնի հիմնադրութեան 75-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Հայաշէնի ժողովրդային տան վերանորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան մաս կազմող Ռոստոմի կիսանդրիին բացումը:

Նախքան հանդիսութիւնը, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Հայաշէնի զաւակ, ներկայիս Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի կողմէ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Հայաշէնի ննջեցեալներու յիշատակին: Ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ կոմիտէի անդամները, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Բաբգէն եպս. Չարեան իր քարոզին մէջ յորդորեց ներկաները իրենք զիրենք Աստուծոյ ընծայելու իբրեւ կենդանի զոհ եւ չընդօրինակելու մարդոց վարուելակերպը` աւելցնելով, որ հարկ է նայիլ լաւին, բարիին, գեղեցիկին, ճշմարիտին` իրենց կեանքը դարձնելով աստուածահաճոյ, քրիստոնէավայել, հայավայել: Ան նկատել տուաւ, որ ինչ որ Աստուած մարդուն տուաւ իբրեւ բարիք եւ պարգեւ, մարդը կորսնցուց իր անհնազանդութեամբ եւ հեռացաւ Աստուծմէ: Սրբազանը հաստատեց, որ Աստուած ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որպէսզի մարդը հեռանայ չարէն, մեղքէն, ատելութենէն, թշնամութենէն եւ վրէժխնդրութենէն: Ան յայտնեց, որ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու շնորհք տուած է, սակայն պէտք է զայն մշակել, աճեցնել եւ ծառայեցնել շրջապատին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Բաբգէն եպս. Չարեան կոչ ուղղեց բոլորին ապրելու կեանք մը, որուն ընդմէջէն կարելի կ՛ըլլայ ձգտիլ լաւին, բարիին, գեղեցիկին եւ կատարեալին, որպէսզի առիթ ունենանք շահելու Աստուծոյ բարեկամութիւնը եւ ապրելու յաւիտենական կեանք մը:

Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններու նախագահութիւնը վայելող հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համբիկ Միսաքեան, որ յայտնեց, թէ հայոց պատմութիւնը լաւագոյն փաստն է հայուն ստեղծագործ եւ շինարար ըլլալուն: Արդարեւ, ան իր հաստատուած վայրին մէջ միայն շինած ու կառուցած է` հիմը դնելով այնպիսի կառոյցներու, որոնցմէ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել հայութեան գոյատեւումը: Անդրադառնալով Հայաշէնի դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ ակումբի շինութեան` Հ. Միսաքեան դիտել տուաւ, որ անոնք կեանքի կոչուած են շրջանի բնակչութեան անձնական նախաձեռնութեամբ եւ սեփական ուժերով ու ճիգերով: Ան հաստատեց, որ ամեակներու նշումը նաեւ առիթ է վերանորոգելու Հայաշէնը հիմնած, անոր կառոյցները կերտած ու պահպանած սերունդին յանձնառութիւնը` շրջանին եւ համայն հայութեան նկատմամբ:

ԼՕԽ¬ի «Հայաշէն» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Շաքէ Պաղտասարեան, որ ըսաւ, թէ թէեւ բաւական մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով կարելի եղած է այս տարածքին մէջ հայօրէն ապրիլ եւ հայկական կարեւորագոյն կառոյցներ հիմնադրել, բայց եւ այնպէս մղուած պայքարը եղած է արդիւնաւէտ, մանաւանդ որ անիկա տարուած է հաւաքական ճիգերով, համախումբ աշխատանքով եւ ամէն մէկ թաղեցիի զօրակցութեամբ ու նեցուկով: Ան հաստատեց, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած աւանդով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ կարելի եղած է միշտ մնալ բարձունքին վրայ` կառչելով մեր արժէքներուն: Շ. Պաղտասարեան այս առիթով յիշեց Ռոստոմի կողմէ Հայ կարմիր խաչ հիմնելու անհրաժեշտութեան մասին հնչած ահազանգը` հպարտութիւն ներշնչող եւ խորհրդանշական նկատելով Ռոստոմի նման տիտանի մը կիսանդրիին տեղադրումը ակումբին մէջ:

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան խօսքը փոխանցեց Արտաշէս Գասարճեան, որ այս առիթով շնորհաւորեց Հայաշէնի ժողովուրդը, որուն զոհողութեամբ կարելի եղած է տէր կանգնիլ այդ թաղին: Անոր համաձայն, 75-ամեակի  նշումով նաեւ արժեւորումը կը կատարուի այս տարիներուն ընթացքին ծառայութեամբ եւ միշտ աւելի լաւին ձգտումով ծաւալած աշխատանքին, որ ապացոյց է հայաշէնցիներուն կողմէ թաղին նկատմամբ ունեցած մեծ սիրոյ, անսահման նուիրումին եւ խոր հաւատքին:

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան խօսքը արտասանեց Անդօ Գալեմքերեան, որ անդրադարձաւ 80 տարիներ առաջ Էշրեֆիէի այդ բլուրին վրայ սկսած աշխատանքներուն` տարածքը հայացնելու եւ զայն կոչելու Հայաշէն: Այդ հոլովոյթին շարունակական օղակները եղան դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ ակումբին շինութիւնները, որոնք մարմին առին ժողովուրդին քրտինքով, ձեռքերով, իրարու թիկունք կանգնելով տարուած միասնական աշխատանքով, ինչ որ աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ արդիւնքը եւ կ՛ամրապնդէ անոնց հաւատքն ու նուիրումը իրենց ճիգերով մարմին առած սրբազան կառոյցներուն նկատմամբ: Ա. Գալեմքերեան հաստատեց, որ տարուած աշխատանքին շնորհիւ հիմնադրուած դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ ակումբին ծաւալած գործունէութիւնը միայն ու միայն հպարտութիւն կը ներշնչեն յաջորդական սերունդներու: Ան աւելցուց, որ հակառակ ամէն դժուարութեան, կարելի եղաւ միշտ պատնէշի վրայ մնալ, պաշտպանել թաղը: Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին Հայաշէնին ու անոր կառոյցներուն: Իր խօսքի աւարտին Ա. Գալեմքերեան հաստատեց, որ Ռոստոսի կիսանդրին ունենալով ակումբին մէջ, անոր կողմէ փոխանցուող լուռ ու ներշնչող պատգամով ու հաւատքով պիտի շարունակեն գործել:

Իր խօսքէն ետք ան ընթերցեց շաբաթ օրուան «Ազդակ»¬ի թիւին մէջ Ռոստոմի կիսանդրիի բացման առիթով Համբիկ Պիլալեանի ստորագրած յօդուածը:

Ապա տեղի ունեցաւ Ռոստոմի կիսանդրիին բացումը:

Այս առիթով իր սրտի ու գոհունակութեան խօսքը փոխանցեց ակումբի վերանորոգութեան համար նիւթական յատկացում կատարած Հրայր Սողոմոնեան, որ ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այս հանդիսութիւնը առիթ է Հայաշէնի նկատմամբ իր ունեցած մեծ կարօտը յագեցնելու, վերապրելու մանկութիւն մը օրօրած այս շրջանին մէջ ըլլալու բերկրանքը, վերյիշելու, թէ ինչպէ՛ս այս ակումբի տակաւին տարրական պայմաններ չունեցող յարկին տակ յաջորդական սերունդներ հայեցի ու յեղափոխաշունչ դաստիարակութիւն ստացան` շնորհիւ Հայ յեղափոխական դաշնակութեան:

Հ. Սողոմոնեան դիտել տուաւ, որ Հայաշէնի մէջ ծնունդ առած ու հասակ նետած են այնպիսի սերունդներ, որոնք այսօր սփիւռքի մէջ դերակատար են ու ազգակերտման եւ ազգապահպանման մեծ ու ազդու աշխատանք կը տանին: Ան հաստատեց, որ Հայաշէնի հիմնադիրներուն կողմէ ստեղծուած այս կառոյցը պէտք է գոյատեւէ ու վերաշխուժանայ, որպէսզի շարունակէ նորանոր մարդուժ եւ ազգանուէր սերունդներ պատրաստել: Այս առիթով ան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահի ու անոր յարակից բաժիններու վերանորոգութեան նպատակով 25 հազար տոլար նուիրեց ակումբին, իսկ 5 հազար տոլար` Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Բաբգէն եպս. Չարեան. ան հաստատեց, որ մեծ պատիւ ու բերկրանք է անգամ մը եւս գտնուիլ այն շրջանին մէջ, ուր ծնած, մեծցած ու թրծուած է իբրեւ հայ` անդրադառնալով հիմնադիր սերունդին ունեցած տեսիլքին ու այն հաւատքին, որով կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել հայապահպանման կառոյցներու ստեղծումն ու պահպանումը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ սերունդը ոչինչէն շատ բան մէջտեղ բերաւ, որովհետեւ գիտակցեցաւ, որ այդ կառոյցները անհրաժեշտ են հայը հայ պահելու համար: Հակառակ իրենց հողերէն ու արժէքներէն հեռացուած ըլլալնուն, մեր պապերը չընկրկեցան, աւելի զօրացան ու ամրացան իրենց հաւատքին ու կամքին մէջ, որպէսզի յառաջդիմեն եւ սերունդներ պատրաստեն: Սրբազանը նշեց, որ դպրոցին կողքին ակումբը նաեւ եղաւ հայաշէնցիներու դպրոցը, ուր սերունդներ թրծուեցան հայկական, ազգային շունչով ու ոգիով, որոնցմով անոնք լաւապէս գիտակցեցան, որ պէտք է շարունակեն իրենց նախորդներուն ուղին:

Ներկայի մասին խօսելով` սրբազանը ըսաւ, որ հայաշէնցիները ուր ալ գտնուած են կառչած մնացած են իրենց շրջանին եւ փորձած են միշտ նեցուկ ու զօրավիգ ըլլալ անոր:

Ապա Բաբգէն եպս. Չարեան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի կիսանդրիին զետեղման անհրաժեշտութեան եւ անոր մէջ ամփոփուող մեծ խորհուրդին: Այս առիթով ան գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը:

Իր խօսքին մէջ սրբազանը նաեւ ողջունեց Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններու նուիրատուութիւնը` դիտել տալով, որ անոնք գործի շարունակութեան մասնակից կը դառնան այսպիսով:

Բաբգէն եպս. Չարեան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ երթը կը շարունակուի նահատակներուն կտակով եւ հայօրէն ապրելու վճռակամութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES