Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹԱՊԱՐԺԱՅԻ եւ Քազինոյի միջեւ երկարող մայրուղիին վրայ գտնուող «Նիսան» տիպի ինքնաշարժի մը մէջ գտնուեցան երկու սպաննուած երիտասարդներ, որոնք փամփուշտներ ստացած են, մէկը գլուխէն, իսկ միւսը` կուրծքէն: Երկու երիտասարդներն են Թալալ Ֆուատ Նասեր (Ծնեալ` 1971-ին, Պաալպեք) եւ Հիշամ Մոհամետ Հիւսէյնի (Ծնեալ` 1981-ին, Ժիպէյլ): Ըստ նախնական հետաքննութեան, զոհերը սպաննուած են «Քազինօ տիւ Լիպան»էն վերադառնալու պահուն, երրորդ անձի մը հետ տարակարծութիւններէ ետք:

«ԹԱՊԱՐԺԱ Պիչ» լողաւազանի համալիրին կից փուլ եկաւ երեք յարկանի կառոյց մը, որուն մէջ կը գտնուէին 5 սուրիացի բանուորներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ ինք պիտի սպասէ կառավարութեան կողմէ ներկայացուելիք 11 միլիառ տոլար գումարի հարցի լուծման նախագիծին եւ ապա պիտի առաջարկէ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարին մասին իր լուծումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին տապալումը նախատեսող կողմերը պէտք է վերադասաւորեն իրենց ընտրանքը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռամի Ռայիս «Նաշրա» կայքէջին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ բանավէճը անօգուտ է: Իսկ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն սուրիական իշխանութիւններուն յանձնումը մերժելու կեցուածքին մասին Ռայիս յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը մերժէ այդ մէկը, որովհետեւ դէմ է այդ գաղթականներուն սպանութեան:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ Աքքարի 80 քաղաքապետներուն ուղղուած հրաւէրներուն ընդառաջած է միայն 33 քաղաքապետ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի պետական պիւտճէի նախագիծը մշակել, նախքան ելեւմտական որոշ անլոյծ հարցերու լուծումը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատրաստ է ամէն իմաստով գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել նախկին կառավարութիւններուն կողմէ ծախսուած գումարի թղթածրարին դիմագրաւած հարցը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ համախմբումին կեցուածքը յստակ է` երկրին սահմանադրութիւնը կամ օրէնքը անարգող որեւէ ծրագիրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենց համար շիի – սիւննի սադրանքներ գոյութիւն չունին:

ԸՍՏ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած հինգերորդ յանցագործը Հասան Մըրհին է, որ Հըզպալլայի անդամ է:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ղալեպ Ղանեմ յայտնեց, որ դատական իշխանութեան պաշտօններուն պարագային նշանակումներ չկատարելը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ այդ իշխանութիւններուն աշխատանքին վրայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք տակաւին մաս կը կազմէ խորհրդարանական մեծամասնութեան: Ան կոչ ուղղեց Լիբանան հասած Սուրիական ազատ բանակին անդամները սուրիական իշխանութիւններուն չյանձնելու:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան ներքին քաղաքական երկփեղկումը կարելի է լուծել լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի այն յայտարարութիւնը, թէ նախկին կառավարութիւններուն ծախսած գումարը 11 միլիառ տոլար չէ, այլ` 16 միլիառ տոլար, շատ վտանգաւոր է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին կատարած իրենց յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեցին, որ կուսակցութիւնը պիտի չհրաժարի կառավարութենէն, որպէսզի Մարտ 14-ի քաղաքական իրենց հակառակորդներուն փափաքները իրականացուցած չըլլան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող ամերիկեան դեսպանատունը գաղտնի սպասարկութեան որջ է` Սուրիոյ մասին լրտեսութիւն կատարելու եւ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES