Ժահժահ. «Մայրիներու Յեղափոխութիւնը Ընթացքի Մէջ Է Եւ Պիտի Հասնի Իր Նպատակին»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Մայրիներու յեղափոխութիւնը ընթացքի մէջ է եւ պիտի հասնի Լիբանանի մէջ բոլոր զէնքերը լիբանանեան պետութեան յանձնելու իր նպատակին:

«Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւններ չկան` աւելցնելով, որ այսպէս կոչուած «տարակարծութիւններու» մասին գրաւները ձախող դուրս պիտի գան:

Միւս կողմէ, նշենք, որ Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ մերժած են հանդիպումի ժամադրութիւն մը ճշդել Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES