Շարպել Մեկնեցաւ Թունուզ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ մեկնեցաւ Թունուզ, ուր մասնակցեցաւ արաբ ներքին գործոց նախարարներու նիստին:

Շարպելի ընկերակցեցան ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ շարք մը սպաներ:

Շարպել Թունուզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ արաբական երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան ապահովական կայունութեան պահպանումը ամրապնդելու տարբեր միջոցները:

Շարպել նկատել տուաւ, որ արաբական ապահովական մարզին մէջ միացեալ գործակցութեան իտէալ առիթը այս խորհրդաժողովն է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան նախանձախնդիր է արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութեան:

Նշենք, որ այսօր նախարար Մարուան Շարպել հանդիպում մը պիտի ունենայ Թունուզի ներքին գործոց նախարար Ալի Արիտի հետ:

Share this Article
CATEGORIES